ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 17ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, Մշակոյթի ամսուան նուիրուած երգահանդէս մը տեղի պիտի ունենայ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ եւ անոր երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանի դահլիճին մէջ (1601 West Mountain Street):
Ելոյթ պիտի ունենայ յայտնի սոփրանօ Մարինէ Ապտաշօ-Աբրահամեան, ընկերակցութեամբ Յովսէփ Թորոսեանի: Ելոյթներ պիտի ունենան նաեւ անոր տաղանդաւոր ուսանողները:
Մուտքը 20 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 12 տոլար: Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 244-9696 կամ (626) 826-7833 թիւերուն: