«Երբ Ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքին մէջ այս սրահը ունեցանք, նախատեսած էինք, թէ անիկա մշակութային եւ այլ հանրօգուտ ձեռնարկներու վայր պիտի ըլլայ. այս նախատեսութիւնը արդէն իրականացած է բազմաթիւ ձեռնարկներով. օրինակ, երէկ (Հինգշաբթի, 7 Հոկտեմբեր) այս սրահին մէջ Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը կազմակերպած էր դասախօսական ձեռնարկ մը. այսօր, կը հիւրընկալենք արուեստագէտ Վաչէ Առաքելեանի ցուցահանդէսը, եւ այսպիսով, Ազգ. առաջնորդարանը քայլ կը պահէ իր բազմակողմանի առաքելութեան հետ, որ միաժամանակ եկեղեցանուէր է ու մշակութային», յայտարարեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբերի երեկոյեան՝ արուեստագէտ Վաչէ Առաքելեանի նկարչական ցուցահանդէսին բացումը կատարելով։
Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ առաջնորդարանի առաքելութեան տարածման յանձնախումբի անդամներուն, որոնք կազմակերպած էին այս մշակութային հանդիպումը։ Ներկայ էին նաեւ բազմաթիւ արուեստասէրներ։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց յանձնախումբի ատենապետ Հրայր Ճերմակեան, որ նշեց, թէ այս ցուցահանդէսը մաս կը կազմէ շարքին յանձնախումբի կազմակերպած ձեռնարկներուն, որոնք կ՛ընդգրկեն դասախօսական հանդիպումներ, գիրքերու ծանօթացում ու «Հայ Կնոջ Տարի»ին նուիրուած ձեռնարկ մը, համաձայն Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին։ Ան նաեւ հակիրճ կերպով խօսեցաւ արուեստագէտին մասին, որ յատուկ հրաւիրուած է Գանատայէն՝ իր գործերուն ցուցադրութեան համար։
Ապա, ան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը՝ կատարելու պաշտօնական բացումը։ Իր խօսքին մէջ, առաջնորդը վերոյիշեալ հաստատումը կատարելէ ետք նշեց, որ Վաչէին հետ ծանօթութիւն հաստատած էր քանի մը տարի առաջ, երբ Գանատայի առաջնորդարանին մէջ ակնդիր եղած էր անոր գործերուն։ Առաջնորդը գնահատանքով արտայայտուեցաւ արուեստագէտին իւրայատկութիւններուն մասին՝ յատկապէս վեր առնելով անոր հոգեկան աշխարհին ու հայկականութեան ստորոգելիները։
Շնորհակալութեան խօսք արտասանեց հիւր արուեստագէտը, որ անդրադարձաւ նկարչական այս իւրայատուկ կալուածը թեւակոխելու պայմաններուն ու հայկական դարաւոր մշակոյթին հետ իր «բարեկամութեան» զարգացման պայմաններուն։ Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց առաջնորդին ու յանձնախումբին՝ իրեն ընծայուած այս առիթին համար։
Յայտագիրին պաշտօնական բաժինը ունէր նաեւ գեղարուեստական «էջ» մը. փոքրիկն Թամար Չաւտարեան դաշնակի վրայ նուագեց քանի մը կտոր, ապա, երբ արուեստասէրները կը ծանօթանային Վաչէին գործերուն, ան երաժշտական այլ կտորներով համեմեց մթնոլորտը։
Տեղի ունեցաւ նաեւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։ Ցուցահանդէսը բաց մնաց Շաբաթ, Հոկտեմբեր 2ին, ապա նաեւ Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի Հոկտեմբեր 4-5ին, որպէսզի աւելի մեծ թիւով արուեստասէրներ առիթ ունենան այցելելու ցուցասրահը։