
Վերջերս կեանքին հրաժեշտ տուաւ Լիբանանի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» Ազգ. երկրորդական վարժարանի վաստակաշատ ուսուցչուհիներէն դոկտ. Յասմիկ Թաշճեանը, խոր վիշտ պատճառելով իր հարազատներուն եւ իրեն աշակերտած ուսանողներուն: Դոկտ. Թաշճեան անզուգական ուսուցչուհի մըն էր, որ դաստիարակեց սերունդներ, որոնցմէ շատեր այսօր կարեւոր պաշտօններ կը վարեն զանազան մարզերէ ներս: Ուսուցչուհիին երախտանք ու յարգանք արտայայտելու, ինչպէս նաեւ իր անունը անմահացնելու հեռանկարով, խումբ մը սոֆիա-յակոբեաննականներ միտքը յղացած են դոկտ. Թաշճեանի անունով դասարան մը անուանակոչելու Լիբանանի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանէն ներս՝ կոկիկ գումար մը նուիրելով վարժարանին:
Փափաքելի է, որ «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան»ի բոլոր աշակերտները եւ դոկտ. Յասմիկ Թաշճեանի հետ պաշտօնակցած կրթական մշակները ԱՄՆի մէջ թէ՛ այլուր, մասնակցութիւն բերեն իրենց սիրելի ուսուցչուհիին եւ պաշտօնակցուհիին նուիրուած այս նախաձեռնութեան, որ վստահաբար հոգեկան մեծ գոհունակութիւն պիտի պաճտառէ բոլոր անոնց, որոնք մօտէն կը ճանչնային զինք: Տուրքէ զուրկ նուիրատուութիւնները կատարել Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին անունով, հետեւեալ հասցէով՝Western Prelacy of the Arm. Apostolic Church of America, 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214.
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել (818) 481-7172 եւ (818) 512-2203 թիւերուն:
«Վստահ ենք, որ Դոկտ. Թաշճեանի պաշտօնակիցներն ու աշակերտները գիտակից մօտեցում ցոյց կու տան դոկտ. Թաշճեանի նուիրուած դասարանի այս անուանակոչութեան եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններով կը մասնակցին անոր իրականացման», նշուած է այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ: