ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքին համար տօնական օրի մը վերածուեցաւ Հոկտեմբեր 3, 2010ի Կիրակին, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի Սան Ֆրանսիսքօ այցելութեան առթիւ: Հայր Պարթեւ առաւօտուն պատարագեց ու յաւուր պատշաճի քարոզեց Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ մէջ, հոգեկան անհուն գոհունակութիւն պատճառելով ներկայ հաւատացեալներուն:
Յետմիջօրէին ժամը 3էն սկսեալ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքին հիմնադրութեան 80 ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը, Սան Ֆրանսիսքոյի «The Palace Hotel»ին մէջ, նախաձեռնութեամբ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի՝ Սան Ֆրանսիսքոյի Տիկնանց օժանդակ մարմինին, կոկիկ հասարակութեան մը ներկայութեան: Ողջոյնի խօսքերով հանդիսութեան բացումը կատարեց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Աննիկ Զինտարզեան: Ան նախ հակիրճ պատմականը տալով օժանդակ մարմինին՝ ըսաւ. «Երջանկայիշատակ վեհափառ Գարեգին Ա.ի կաթողիկոսութեան շրջանին, 1949ին, Դերենիկ եպս. Փօլատեան՝ իբրեւ կաթողիկոսական պատուիրակ, կ՛այցելէ Հիւսիսային Ամերիկայի զանազան շրջանները՝ կազմակերպելու համար Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի օժանդակ կանացի այս մարմինը, զանազան հայկական գաղութներու մէջ սատար հանդիսանալու համար դպրեվանքի կրթական ծրագիրներուն՝ նիւթապէս ու բարոյապէս: Ներկայիս միայն Սան Ֆրանսիսքոյի օժանդակ մարմինն է, որ կը գոյատեւէ ու 61 տարիներէ ի վեր, տարեկան ձեռնարկներով իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս ազգօգուտ ու Աստուածահաճոյ նպատակին»:

Ապա ան գնահատական խօսքերով վեր առաւ դպրեվանքին մէջ տարուած աշխատանքները՝ մասնաւորապէս շեշտելով կարեւորութիւնը կրօնական ու ազգային ոգիով պատրաստուած սերունդին, որուն անդամները յետագային պիտի դառնան հոգեւոր եւ ազգային պատասխանատուներ:
Ձեռնարկի ընթացքին, փոխատենապետուհի Նորա Սարգիսեան ներկայացուց դպրեվանքի պատմութեան, առաքելութեան ու կազմին մասին մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացնող տեսաերիզ մը՝ քաղուած մասնաւորաբար դպրեվանքին առօրեայ կեանքէն: Տեսաերիզը մեծ խնամքով պատրաստած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքի պատասխանատու Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան՝ խմբագրութեամբ եւ ընթերցանութեամբ: Ն. Սարգիսեան նաեւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանին, որ այս առթիւ տեսաերիզը տրամադրած էր:

Տեսաերիզին մէջ իր հայրական պատգամը տուած է նաեւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, գլխաւորաբար անդրադառնալով դպրեվանքի առաքելութեան՝ ըսելով. «Խօսիլ դպրեվանքի մասին, կը նշանակէ խօսիլ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան մասին: Տակաւին, խօսիլ դպրեվանքի մասին, կը նշանակէ խօսիլ մշակութային առաքելութեան մասին, ազգային ծառայութեան մասին. խօսիլ դպրեվանքի մասին, կը նշանակէ խօսիլ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման մասին: Այս բոլորը եղաւ ու այս բոլորը մնաց դպրեվանքը՝ իր կեանքով, իր առաքելութեամբ, իր խորհուրդով, իր պատգամով ու իր մարդակերտումով. այսօր մեր եկեղեցւոյ համար, մեր ժողովուրդին համար, հերթը մարդու պատրաստութիւնն է, գլխագիր մարդու պատրաստութիւնը, որպէսզի կարենայ յանձնառու եւ ամբողջական մասնակցութիւն բերել մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան կենսագործման, մեր մշակոյթի, մեր հոգեւոր ու մտաւոր արժէքներու տարածման եւ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման»:
Հանդիսութեան գլխաւոր բանախօսն էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանաւոր միաբաններէն ու ազգային առաջնորդարանի քրիստոնէական բաժանմունքի պատասխանատուներէն հայր Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան: Ան, ըլլալով հարազատ զաւակներէն մէկը Անթիլիասի դպրեվանքին՝ լաւագոյն ձեւով ներկայացուց դպրեվանքի առօրեային մաս կազմող զանազան աշխատանքները, ապա ըսաւ. «Ես այսօր ուրախ եմ, որ հաւաքուած ենք միասնաբար յիշատակելու 80ամեակը մեր հոգեւոր կրթարանին, դպրեվանքին. որքա՛ն հպարտ եմ այսօր այստեղ կանգնելու իբրեւ դպրեվանեցի, որովհետեւ, սիրելիներ, դպրեվանքին մասին խօսիլ չի բաւեր միայն. այստեղ կան քանի մը դպրեւանեցի եղբայրներ, որոնք ապրած են դպրեվանքին մէջ, գիտեն դպրեվանքին քաղցրութիւնը. դպրեվանքը մեզի համար տուն է, դպրեվանքը մեզի համար հայրենիք է, դպրեվանքը մեզի համար եկեղեցի է, այլ խօսքով՝ դպրեվանքը մեզի համար այնքա՛ն մօտ է. ինչ որ ենք այսօ՛ր՝ կը պարտինք մեր դպրեվանքին»:

Ապա Պ. վրդ. Կիւլիւմեան, մասնաւորաբար շեշտը դնելով դպրեվանքի 80 տարուան ծառայութեան եւ արդիւնքներուն վրայ՝ ըսաւ. «Դպրեվանքը ազգին նուիրած է 4 մեծ կաթողիկոսներ՝ Զարեհ Ա. Փայասլեան կաթողիկոսը, Խորէն Ա. Բարոյեան կաթողիկոսը, Գարեգին Բ. Սարգիսեան կաթողիկոսը, որ յետագային դարձաւ Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոս, եւ ներկայի մեր լուսամիտ Արամ Ա. վեհափառը: Դպրեվանքը մարդակերտումի սքանչելի վայր է, դպրեվանքին մեզի տուած կրթութիւնը մեզ իսկապէս կը վերածէ մարդկային հոգիով եւ սիրով լեցուն Աստուծոյ սքանչելի ծառան»:
Իր խօսքի աւարտին, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան գնահատական խօսքեր արտայայտեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի օժանդակ մարմինին, հաւաստիացնելով, թէ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր եւ գալիքին, «Ձեր նիւթական ու հոգեւոր աջակցութիւնը պիտի սատարէ դպրեվանքի վերելքին»:
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժինին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Մազմանեան» քառեակը՝ ղեկավարութեամբ տաղանդաշատ ջութակահար Կրէկ Մազմանեանի ու մասնակցութեամբ որդւոյն ու երկու դուստրերուն՝ ջութակով եւ դաշնակով, եւ նուագելով 2 ժողովրդային եղանակներ՝ «Վաղարշապատի պար»ը եւ «Տարունի»ն, ինչպէս նաեւ «Հունգարական պար»ը՝ Պրամզէն եւ «Սուրերու պար»ը՝ Արամ Խաչատրեանէն, արժանանալով ունկնդիրներուն բուռն ծափահարութիւններուն:
Ցերեկոյթը վերջ գտաւ ժամը 5ին, դպրեվանքի հիմնի ու «Կիլիկիա»ի երգեցողութեամբ, ապա՝ հայր Պարթեւ Կիւլիւմեանի աղօթքով: