
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ հայ զինուոր մը եւս սպաննուած է: ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժինէն կը յայտնեն, որ Հոկտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 7ի շուրջ, շփման գիծի հարաւ-արեւելեան հատուածի մէկ դիրքին ուղղութեամբ (Հադրութի պաշտպանական ուղղութիւն) հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակին զոհ գացած է 22ամեայ Վիտալի Աշոտի Իգիթեանը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռազմա-դիւանագիտական եւ ռազմական համապատասխան միջոցառումներու ձեռնարկած է՝ շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու դիպուկահարներուն գործունէութիւնը չէզոքացնելու համար, աւելի ուշ յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը մէջ՝ խստօրէն դատապարտելով հայ զինուորին սպանութիւնը:
«Ադրբեջանի նման գործողութիւնները, որոնք իրականացւում են հակամարտութեան գօտում ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների անցկացրած դիտորդական առաքելութիւնից անմիջապէս յետոյ, ցոյց են տալիս, որ Ադրբեջանը ոչ միայն չի յետեւում շփման գծից դիպուկահարներին հեռացնելու ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Բան Կի Մունի յորդորներին, այլեւ անտեսում է ադրբեջանցի դիպուկահարների կողմից նախկինում պատճառուած զոհերի կապակցութեամբ՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների մտահոգութիւնները՝ փորձելով ձախողել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու միջազգային հանրութեան ջանքերը», ըսուած է վերոյիշեալ հաղորդագրութեան մէջ: