
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան բանակի հրամանատար եւ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ժամանած եւ զանգուածային լրատուամիջոցներու համահայկական 5րդ խորհրդաժողովին մասնակցող շուրջ 200 լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ ներկայիս «ո՛չ պատերազմ է, ո՛չ խաղաղութիւն. շփման գիծին վրայ պատերազմական իրավիճակ կը տիրէ»:
Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ թէեւ իրավիճակը մտահոգիչ է, բայց եղերական չէ, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան բանակը ոչ պակաս կշռոյթով կը սպառազինուի, որքան հակառակորդ Ատրպէյճանի բանակը: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ան եւս կը կիսէ՞ վերջերս արտայայտուած այն կարծիքները, թէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը ինքզինք սպառած է՝ Մովսէս Յակոբեան ըսաւ, որ խմբակը իրականութեան մէջ բաւական մեծ աշխատանք կ՛իրականացնէ շրջանին մէջ, բայց ի հարկէ, այդպիսով խնդիրին բարդութիւնը չի նուազիր:
Լեռնային Ղարաբաղի զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն վերաբնակեցման շուրջ խօսակցութիւններուն անդրադառնալով՝ նախարարը ըսաւ, որ խնդիրը շատ բարդ է. եթէ անոնք վերաբնակեցուին ատրպէյճանցիներով, ապա այդ տարածքին մէջ ալ թշնամիներ պիտի ըլլան: Ան աւելցուց, թէ խնդիրը այդքան բարդ է, որ դժուար է գտնել կէտեր, ուր միտքերը կը համընկնին: «Համանախագահները կը փորձեն գտնել զանոնք, որպէսզի բանակցային հոլովոյթը շարունակուի», ընդգծեց նախարարը՝ աւելցնելով, որ բանակցութիւնները շատ դժուար են եւ դժուարօրէն առաջ կ՛ընթանան: