ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ստեփանակերտի երիտասարդութեան պալատին մէջ Հոկտեմբեր 18ին տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) 100ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոյ մը, որուն ներկայ էին ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի հոգեւոր թեմի ներկայացուցիչ Տ. Էմանուէլ քհնյ. Վարդանեան եւ ՀՕՄի 100ամեակին առթիւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ ժամանած շուրջ 200 ՀՕՄուհիներ:
Արցախի իշխանութիւններուն անունով, Արցախի մէջ կատարած միութեան հայրենանուէր աշխատանքին համար, ՀՕՄին երախտագիտութեան խօսք յայտնեց ԼՂՀ նախագահ Բ. Սահակեան: «Ես խորապէս շահագրգռուած եմ, որ մեր համագործակցութիւնը ոչ միայն զարգանայ, այլեւ կրի անսահմանափակ բնոյթ, որովհետեւ մեր կեանքում չկայ մի ոլորտ, մի ուղղութիւն, որտեղ Ձեր մասնակցութիւնը պահանջուած չլինի: Հրաւիրում եմ Ձեզ համատեղ աշխատելու՝ ի փառս մեր ժողովրդի, ի պատիւ մեր զինուած ուժերի, եւ դա կը լինի ամենամեծ յարգանքի տուրքը զոհուած ազատամարտիկների յիշատակին», նշեց Բ. Սահակեան:
ԼՂՀ նախագահը «Վաչագան Բարեպաշտ» եւ «Երախտագիտութիւն» շքանշաններով պարգեւատրեց, համապատասխանաբար, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութիւնը եւ ՀՕՄի Արցախի մասնաճիւղի գրասենեակը:
Արցախի հոգեւոր թեմի անունով, Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի ուղերձը ներկաներուն փոխանցեց Էմանուէլ քհնյ. Վարդանեանը, որ յայտնեց, թէ ՀՕՄի 100ամեայ ազգանուէր գործունէութիւնը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ հայ կնոջ խիզախութիւնն ու կամքը: «Եթէ երեսուն տարի առաջ ասէին, որ ՀՕՄի 100ամեակը պէտք է նշենք ազատ, անկախ Արցախում, թերեւս ամենալաւատեսներն անգամ չէին հաւատայ, բայց մենք բոլորս ականատեսն ենք այդ հրաշքին, քանի որ արցախեան շարժման ժամանակ մեծ հաւատք կար ժողովրդի մէջ: Ես համոզուած եմ, որ եթէ այդ հաւատով շարունակենք ապրել, դեռ մեծ յաղթանակներ պիտի տօնենք ազգովի», ըսաւ ան:
Շնորհաւորանքի եւ շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկան նաեւ ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը, ՀՕՄի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Պելլա Յարութիւնեանը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Արցախի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:
Յոբելինական հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Արցախի պարի եւ երգի պետական խումբերուն ներկայացումներով: