ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա այցելած Գերմանիոյ նախագահ Քրիսթիան Վուլֆ մասնակցած է Մերսինի Ս. Պօղոս եկեղեցիին մէջ մատուցուած պատարագին, որուն ներկայ եղած են նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը, Մերսինի իտալական կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Ռոպերթօ Ֆերարին եւ Ատըեամանի ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Մելքի Ուրեքը։
Պատարագէն ետք, պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն, Վուլֆ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է յարգեն քրիստոնեաներուն կրօնական իրաւունքները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.