
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Թէքէեան մշակութային միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանը իր հիմնադրութեան 30 ամեակի կապակցութեամբ շարք մը ձեռնարկներ կազմակերպած է:
Այդ ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, վարժարանին ծնողաուսուցչական մարմինը շրջանաւարտներու նուիրուած երեկոյ մը կազմակերպած է, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 5ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, «Տաղլեան» մշակութային համալիրէն ներս (1201 Vine St., Los Angeles):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել dickranianalumni@yahoo.com հասցէին: