ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Թեհրանի մէջ բացուած է լրատուական գործակալութիւններու եւ մամլոյ միջազգային 17րդ ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին աշխարհի 55 երկիրներու զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները։
Ցուցահանդէսի բացումէն ետք ատրպէյճանցիները մեծ աղմուկ բարձրացուցած են, որովհետեւ հայկական տաղաւարին մէջ փակցուած էր Արցախի խորհրդանիշը համարուող՝ «Մենք ենք մեր սարերը» արձանին նկարը, ինչպէս նաեւ Արցախի քարտէսին եւ դրօշակին նկարները։
Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները պահանջած են հանել այդ նկարները՝ անոնց ներկայութիւնը «գրգռութիւն» որակելով: Հայկական կողմը պատասխանած է, թէ Արցախի խորհրդանիշի այդ նկարը տաղաւարին մէջ տեղադրած են ցուցահանդէսի կազմակերպիչները, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի դրօշին եւ քարտէսին նկարները իրենք փակցուցած են։
Թուրք լրագրողները, իրենց հերթին, կազմակերպիչներուն յայտնած են, որ եթէ այդ նկարները չհանուին ցուցահանդէսէն, իրենք եւս Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հետ պիտի հեռանան ցուցահանդէսէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.