ԹԵՀՐԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի Իրան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Մոհամմատռեզա Ռահիմիի հետ Հոկտեմբեր 25ին կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տնտեսութեան ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը ալ աւելի խորացնելու վերաբերեալ հարցեր:
Իր խօսքին մէջ Տիգրան Սարգսեան նշած է, որ կարեւոր համարած է կրթութեան, առողջապահութեան եւ անասնաբուծութեան բնագաւառներուն մէջ համագործակցութիւն ծաւալելու, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի մարզին մէջ սպանդանոց կառուցելու հարցը: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է Մոհամմատռեզա Ռահիմիին՝ հայ համայնքին ցուցաբերած օժանդակութեան համար:
Իրանի նախագահի առաջին տեղակալը, իր կարգին, նոյնպէս կարեւոր համարած է Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու խորացումը եւ նշած, թէ անիկա ներկայիս չի համապատասխաներ առկայ ներուժին: Ան յոյս յայտնած է, թէ այդ իրավիճակը շուտով կը շտկուի:
Մոհամմատռեզա Ռահիմի շեշտած է, թէ Հայաստանի հետ առեւտրա-շրջանառութեան ծաւալը պէտք է հասցնել գոնէ մէկ միլիառի:
Նշենք, որ ներկայիս Իրանի հետ Հայաստանը կ՛իրականացնէ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող չորս ծրագիրներ՝ Իրան-Հայաստան քարիւղային անցքի, երկաթուղիի, բարձր աստիճանի ելեկտրահաղորդման երրորդ գիծի եւ Արաքսի ՀԵԿի կառուցում:
Իրանի նախագահի առաջին տեղակալին հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք Տիգրան Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուչեհր Մոթթաքիի հետ. ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային խնդիրներու, Իրանի՝ հարեւան երկիրներուն հետ ունեցած յարաբերութիւններուն եւ միջուկային ծրագիրներուն վերաբերեալ հարցեր: Իրանական կողմէն հնչած են առաջարկներ, որոնց մասին մանրամասն քննարկում պիտի կատարուի հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի յաջորդ նիստին:
Այցի ծիրէն ներս, Տիգրան Սարգսեան այցելած է նաեւ այն վայրը, ուր պիտի կառուցուի Հայաստանի դեսպանութեան նոր շէնքը, ինչպէս նաեւ՝ գործող դեսպանատունը եւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդարան Ս. Սարգիս եկեղեցին։ Երեկոյեան Հայաստանի պատուիրակութիւնը այցելած է «Արարատ» մարզամշակութային համալիրը, ուր ՀՀ վարչապետը շրջայց կատարած է ու ծանօթացած համայնքի երիտասարդներու մարզական յաջողութիւններուն:
Երէկ, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմադինեժադի հետ, որու ընթացքին Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի միջնորդութեամբ բարելաւել Իրանի յարաբերութիւնները ԱՊՀ երկիրներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.