ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Թապլեթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ ժամանակը հասած է, որ Իսրայէլ փոխէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ իր քաղաքականութիւնը:
Նշելէ ետք, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր խաղաքարտ մը եղած է, «Թապլեթ» կը գրէ, թէ «որոշ քաղաքական շահերով Թուրքիոյ հետ կապուած Իսրայէլը մոռցած է, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, Գերմանիոյ հաւատարիմ դաշնակից Թուրքիան անսահման քանակութեամբ քրոմ կը մատակարարէր նացիական վարչակարգին, կեդրոնացման ճամբարներուն մէջ հրեաներու ոչնչացման համար։ Մոռցած է նաեւ այն, որ 1915ին, Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացման ժամանակ, կը բնաջնջէին նաեւ հրեաները։ Ի դէպ, հակասեմական տրամադրութիւնները Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունին մինչեւ այսօր»։
Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Կազա ուղեւորուած «Ազատութեան նաւատորմիղ»ի միջադէպը Թուրքիան առաւելագոյնս օգտագործեց Իսրայէլի դէմ, հակառակ անոր, որ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւունքները կը շարունակուին խախտուիլ, ու տակաւին լուծուած չէ Թուրքիոյ մեծագոյն ազգային փոքրամասնութեան՝ քիւրտերու հիմնախնդիրը, Թուրքիան բռնագրաւուած կը պահէ Կիպրոսի հիւսիսային մասը եւ վերջապէս՝ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու համար։
«Միջազգային հանրութեան մէջ կարծիք ստեղծող շարք մը լրատուամիջոցներու որոշ յօդուածագիրներ, ինչպէս օրինակ՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի Թամըս Ֆրիտմընը, կը փորձեն Թուրքիան ներկայացնել իբրեւ ժողովրդավար երկիր եւ յուսալի գործընկեր։
«Հրէական լոպիական կազմակերպութիւններու օժանդակութիւնը Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման հարցին մէջ, անընդունելի է։ Երբ տասը տարի առաջ Իսրայէլի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Եոսի Սարիտ յայտարարեց, որ կ՛ուզէ հրէական պատմութեան դասագիրքերուն մէջ մէկ ամբողջ գլուխ նուիրել Հայոց Ցեղասպանութեան, Իսրայէլի կառավարութիւնը քննադատեց զայն ու ստիպեց, որ ան պաշտօնէն հեռանայ», կը գրէ թերթը եւ կ՛աւելցնէ. «Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն, Օսմանեան Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, ազգութեամբ հրեայ Հենրի Մորկընթաու ըսած է. «Կը վախնամ, որ թուրքերու ձեռքին մէջ՝ հրեաներուն կը սպասէ հայերուն ճակատագիրը»»: