ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Նոյեմբեր 2ի Քոնկրեսի ընտրութիւնները, հաւանաբար հսկայական ալեկոծումներ պիտի յառաջացնեն Ամերիկայի քաղաքական դաշտին վրայ: Քարոզչական ծանուցումներն ու քաղաքական մեկնաբանութիւնները ողողած են եթերը եւ մարդիկ անհամբերութեամբ կը հետեւին հարցախոյզներուն, իմանալու համար թէ իրենց նախընտրած թեկնածուն կամ կուսակցութիւնը պիտի յաղթէ՝ թէ դուրս պիտի մնայ:
Պարաք Օպամայի ժողովրդականութիւնը երկու կարճատեւ տարիներու ընթացքին կտրուկ անկում արձանագրեց: Նախագահի վարչակազմի ձախող աշխատանքէն հիասթափուած, ամերիկեան հասարակութիւնը երես դարձուցած է դեմոկրատ պաշտօնատար անձերէն, որոնցմէ շատերը այժմ մտահոգուած են Քոնկրեսէն ներս իրենց տեղերը կորսնելով:
Թէեւ ընտրապայքարի ձայներու տոկոսները մօտ են եւ կարելի չէ արդիւնքները կռահել, քաղաքական մասնագէտները կ՛ակնկալեն, որ հանրապետականները կը գրաւել Ներկայացուցիչներու տունը, եւ նուազ հնարաւոր է՝ նաեւ Ծերակոյտը: Եթէ այս կանխատեսումները իրականանան, ապա հաւանաբար ընդհանուր անել իրավիճակ ստեղծուի Ուաշինկթընի մէջ մինչեւ յաջորդ նախագահական եւ Քոնկրեսի 2012ի ընտրութիւնները: Մինչ այդ, Օպամայի վարչակազմի կողմէ ձեռնարկուած բոլոր նոր նախաձեռնութիւնները կը սառեցուին Քոնկրեսէն ներս, գրեթէ անկարելի դարձնելով ազգային խնդիրներու վերաբերեալ որեւէ կարեւոր օրէնքի ընդունումը:
Ինչպէ՞ս կը քուէարկեն ամերիկահայերը այսպիսի խճճուած իրավիճակի մէջ: Անոնց համար, որոնք հաւատարիմ դեմոկրատներ կամ հանրապետականներ են, դիւրին է ընտրութիւն կատարելը: Անոնք կ՛ընտրեն իրենց կուսակցութեան թեկնածուները, անկախ՝ հիմնախնդիրներու վերաբերեալ անոնց ունեցած դիրքորոշումէն:
Սակայն, հայկական հարցերով մտահոգուած մարդիկ աւելի բարդ հարցերու դիմաց կը գտնուին: Անոնք կրնան ըսել. «Քանի որ դեմոկրատները Ցեղասպանութեան բանաձեւի առնչութեամբ իրենց խոստումը չյարգեցին, ուրեմն պէտք է զանոնք պատժել՝ քուէարկելով հանրապետական թեկնածուներու օգտին: Բայց հարցը այն է, որ Քոնկրեսի հանրապետական անդամները, աւանդաբար աւելի նուազ նեցուկ կանգնած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող հարցերուն, քան դեմոկրատները: Այսպիսով, քուէարկել բոլոր հանրապետականներու օգտին՝ յագուրդ տալով զգացումներուն, չի նպաստէր Հայկական Հարցին: Ընդհակառակը, հայերը ընտրած կ՛ըլլան թեկնածուներ, որոնք աւելի քիչ աջակից են, քան քոնկրեսի ներկայի անդամները, որոնցմէ շատերը դեմոկրատներ են:
Գոյութիւն ունի այլ տարբերակ մը. ընդհանրապէս չմասնակցիլ ընտրութիւններուն, որովհետեւ ո՛չ դեմոկրատները, ոչ ալ հանրապետականները երբ իշխանութեան հասնին հայկական հարցերու վերաբերեալ իրենց խոստումները կը յարգեն: Այս մէկը այդքան ալ լաւ տարբերակ մը չէ, քանի որ այս ձեւով հայ համայնքի տասնամեակներու ընթացքին տարուած քաղաքական ներդրումները Ամերիկայի քաղաքացիական կեանքէն ներս ի դերեւ կ՛ելլեն:
Ամերիկահայ ընտրողներու քննարկման ներկայացուող իմ տարբերակը չի ներառեր վերոնշեալ տարբերակներէն ոչ մէկը. կուրօրէն մի՛ քուէարկէք ձեր կուսակցութեան թեկնածուներու օգտին եւ մի՛ հրաժարիք ընտրութիւններուն մասնակցելէ:
Լաւագոյն ընտրութիւնը հետեւեալն է. իւրաքանչիւր կուսակցութիւնէ քուէարկել այն թեկնածուի օգտին, որ աւելի աշխոյժ աջակցութիւն ցուցաբերած է հայկական հարցերու նկատմամբ: Անոնք, որոնք չեն ուզեր քուէարկել թեկնածուին հայկական հարցերու դիրքորոշման հիման վրայ, պէտք է յիշեն, որ ընտրողներու մեծամասնութիւնը իր ընտրութիւնը կը կատարէ հիմնուելով անձնական շահերու վրայ: Հրէաները, սեւամորթները, իսպանախօս ամերիկացիները, թուրքերը եւ այլ ցեղային խումբեր կը քուէարկեն այն թեկնածուներու օգտին, որոնք կը սատարեն իրենց հարցերուն: Բարձր եկամուտ ունեցողները, իբրեւ կանոն կը քուէարկեն այն թեկնածուներուն, որոնք անոնց կը խոստանան հարկերու կրճատում, մինչդեռ աղքատ ժողովուրդը, սովորաբար կ՛աջակցի ընկերային ծառայութիւններու ֆինանսաւորման կողմ արտայայտուողներուն: Ինչո՞ւ պէտք է հայերը բացառութիւն կազմեն եւ խուսափին նեցուկ կանգնելէ այն թեկնածուներուն, որոնք հետամուտ են հայկական հարցերու լուծման: Ընտրողները իրենց ընտրութիւնը կը կատարեն մեկնելով իրենց սեփական շահերէն: Իսկ յետագային, ընտրողներու հակասական շահերը հաւասարակշռելը արդէն ընտրուած պաշտօնեաներու հարցն է:
Ամերիկահայերը կրնան իրենց ընկերները պահել Քոնկրեսին մէջ, վերընտրելով Ներկայացուցիչներու տան 120 դեմոկրատ եւ 36 հանրապետական անդամները, եւ Ծերակոյտի 12 դեմոկրատ, երկու հանրապետական եւ մէկ անկախ անդամը, որոնք բարձր գնահատականի արժանացած են Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ: Միեւնոյն ժամանակ, ամերիկահայերը կրնան Քոնկրեսի մէջ նուազեցնել իրենց հակառակորդներու թիւը՝ սատարելով այն թեկնածուներուն, որոնք կը պայքարին Ներկայացուցիչներու տան 18 դեմոկրատ եւ 22 հանրապետական անդամներուն դէմ, որոնք Հայ Դատի յանձնախումբի կողմէ արժանացած են բացասական գնահատականի: Քոնկրեսի անդամներու անհատական տուեալները ճշդելու համար կը խնդրուի ակնարկ մը նետել Հայ Դատի յանձնախումբի հաշուեցուցակին հետեւեալ կայքին վրայ՝ www.anca.org:
Վերջապէս, ամէն մարդ պէտք է տեղեակ ըլլայ, որ Նոյեմբերի 2ի ընտրութիւններու յաջորդ օրն իսկ ոչ պաշտօնապէս կը մեկնարկուի 2012ի նախագահական ընտրարշաւը: Այս առումով խիստ մտահոգիչ է, որ անցեալ Ուրբաթ նախագահ Օպաման ժամանած էր Լոս Անճելըս եւ Կլենտէյլ, եւ ոչ մէկ հայ բողոքի ձայն բարձրացուց անոր ներկայութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է, որ հայերը անտեսեն այն փաստը, որ Նախագահը իր պաշտօնավարման երկու տարիներու ընթացքին չկատարեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու իր խոստումը: Ճիշտ այն պահուն, երբ Օպաման յուսահատ ճիգերով կը փորձէր ընտրողներուն համոզել աջակցիլ դեմոկրատ թեկնածուներուն, Հարաւային Քալիֆորնիոյ հսկայական հայկական համայնքը ձեռքէ փախցուց ամերիկեան լրատուամիջոցներուն առջեւ Նախագահին իր դժգոհութիւնը արտայայտելու եզակի հնարաւորութիւնը:
Հայերը իրենց բացակայութեամբ չարագուշակ պատգամ մը կը փոխանցեն բոլոր թեկնածուներուն. դուք կրնաք որեւէ բան խոստանալ հայերուն, ստանալ անոնց դրամն ու քուէները, եւ ընտրութենէն ետք կրնաք խախտել ձեր խոստումը եւ մնալ անպատիժ:
Հայերը պէտք է արթննան իրենց թմբիրէն: Եթէ անոնք կ՛ուզեն, որ ընտրուած պաշտօնեաները զիրենք լուրջի առնեն, ուրեմն անոնք պէտք է վարձատրեն իրենց քաղաքական ընկերները եւ պատժեն հակառակորդները:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըրի հրատարակիչ եւ խմբագիր