ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Կեղծիքի ճամբով քաղաքական կամ տնտեսական շահ ապահովելու թուրքերու ձիրքը արդէն իսկ առասպելական մակարդակներու կը հասնի: Թուրքերը նաեւ վարպետ են պատմական իրականութիւնները շրջելով՝ իրենք զիրենք զոհ ներկայացնելու խաղին մէջ, երբ իրենց շահերուն կը յարմարի դահիճի դիրքէն հեռանալը: Երբ հարկաւոր է, ընդհանրապէս ընտրութիւններէ առաջ, թուրք քաղաքական ղեկավարները իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ նուաճողներու ժառանգորդներ ու կը հպարտանան իրենց արիւնարբու նախնիներով, սակայն երբ կ՛ուզեն Թուրքիոյ ի նպաստ զգացումներ ստեղծել արտաքին աշխարհին մէջ, անոնք զարմանալի ճկունութեամբ զոհեր կը դառնան՝ կիպրացի յոյներուն, քիւրտ ահաբեկիչներուն, հայ ապստամբներուն կամ… նախիջեւանը շրջափակող Հայաստանին:
Այս վերջին անհիմն ապստամբութիւնը կու գայ 125 գործարարներէ բաղկացած խումբով մը այս շաբաթ Նախիջեւան այցելած թրքական պատուիրակութենէն: Թուրքիոյ արտաքին առեւտուրի հարցերով պետական նախարար Զաֆեր Չաղլայեան, շեշտելէ ետք Ատրպէյճանի, Նախիջեւանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, ու հաւատարիմ մնալով «Մէկ ազգ-երկու պետութիւն» լօզունգին՝ ըսաւ, որ պէտք է եռապատկել Թուրքիա-Նախիջեւան առեւտուրը: Նախարարը աւելցուց, որ Ատրպէյճան ու Թուրքիա հասարակաց անցեալ մը ունին, եւ հակառակ անոր, որ «Հայաստան դաշոյնի նման մտած է Ատրպէյճանի ու Նախիջեւանի միջեւ», Թուրքիա առանձին պիտի չձգէ Նախիջեւանը։ «Թուրքիոյ ու Նախիջեւանի միջեւ կապը միայն 13 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող սահմանը չէ», ըսաւ ան։
Նախիջեւանի խորհրդարանի նախագահ Վասիֆ Թալիպով ըսաւ, որ թուրք գործարարները կարեւոր ներդրումներ ըրած են Նախիջեւանի մէջ, ու զանոնք շարունակելու կոչ ըրաւ: «Մենք իրարու կապուած ենք ցեղով, արմատով ու ազգային մտածողութեամբ», նշեց Թալիպով։
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդականներէն Ճենկիզ Կիւլ յայտնեց, որ Նախիջեւանը թրքական աշխարհին համար իրարու մօտենալու կեդրոն մըն է, ու աւելցուց. «Նախիջեւանը այսօր Հայաստանի շրջափակման տակ մնացած է. մենք իրարու հետ գործակցելով եւ նորանոր ներդրումներ ընելով պէտք է կոտրենք այդ շրջափակումը»։
Կեղծիքի այլ «ադամանդ» մը Հինգշաբթի օր եկաւ նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլէն, որ երկրին քրտաբնակ շրջանները այցելելու ընթացքին յայտարարեց. «Մեզմէ մէկը կրնայ քիւրտ ըլլալ, միւսը՝ թուրք, կամ՝ այլ ազգի ներկայացուցիչ, սակայն մենք բոլորս այս երկրին յարգարժան քաղաքացիներն ենք», աւելցնելով, թէ բոլորը օրէնքին առջեւ հաւասար են։ Սակայն Կիւլ կը «մոռնայ», թէ երկրին սահմանադրութեամբ, Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիները տակաւին «թուրք» կը նկատուին, եւ ոչ թէ «Թուրքիոյ քաղաքացի» կամ «թուրքիացի», հակառակ այն իրողութեան, որ այդ յետադիմական դրոյթը բարեփոխելու շարք մը դիմումներ կատարուած են: