ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28ին ունեցած հրապարակային իր առաջին ելոյթին ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկիչները անգամ մը եւս կրնան Արեւմուտքը հարուածել եւ մեծաթիւ զոհեր պատճառել, սակայն պետութիւններու կողմէ հիւլէական ռումբերու տարածումը աւելի լուրջ վտանգ մըն է։
Ճան Սոուըրզ յայտնեց, որ Իրանի նման երկիրներու մօտ հիւլէական զէնքերու տարածումը զսպելու աշխատանքին մէջ ձախողութեան վտանգները մեծ են։
«Ահաբեկչութիւնը բաւարար դժուար է, եւ հակառակ մեր հաւաքական ջանքերուն, յարձակում մը կրնայ տեղի ունենալ։ Մարդկային վնասները մեծ կրնան ըլլալ, սակայն մեր երկիրը, մեր ժողովրդավարական համակարգը ահաբեկչական յարձակումով մը պիտի չտապալի», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով Իրաքի հարցին՝ ան ըսաւ, որ նախքան 2003ի ներխուժումը, տեղեկահաւաքի ձախողութիւնը «հաւասարապէս քաղաքագէտներուն եւ պաշտօնատարներուն» ցոյց տուաւ, թէ տեղեկութեանց աղբիւրներու մանրամասն քննարկումը որքա՛ն կարեւոր է։ Ան նաեւ շեշտեց գաղտնապահութեան կարեւորութիւնը:
Սոուըրզ յայտնեց, թէ անհաւանական է, որ «Քայիտա»ն Արեւմուտքը տկարացնելու եւ արաբ չափաւորական կառավարութիւնները տապալելու իր նպատակները իրագործէ։ Սակայն «իսլամական ահաբեկչութեան» սպառնալիքը անհաւանական է, որ մօտ օրէն անհետանայ։ Ան ըսաւ, որ իսլամ ահաբեկիչներու դաւերուն մասին տեղեկագիրներ կարդալը իր գործին ամէնէն յոգնեցուցիչ բաժինն է։
Բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան «Էս.Այ.Էս.» հասարակական հաշուետուութիւնն ու աւելի թափանցիկութիւնը շեղում մըն է անցեալի կացութենէն, երբ անոր գոյութիւնը այնքան մեծ գաղտնիք մըն էր. կառավարութիւնը նոյնիսկ չէր խոստովաներ, թէ նման կառոյց մը գոյութիւն ունի։ Անոր գոյութիւնը առաջին անգամ հաստատուեցաւ 1990ական թուականներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.