
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ողջունելով Հայ Դատի եւրոպական բիւրոյի նախաձեռնութիւնը՝ եւրոպացի խորհրդարանականներուն Արցախ ուղեկցելուն գծով՝ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան Հոկտեմբեր 29ին, ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ կայացած ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն այցը ԼՂՀ կ՛ընդգրկուի վերջինիս միջազգային ճանաչման ուղղուած աշխատանքներու ծիրէն ներս։
Այցին կարեւորագոյն մասը, ըստ Վ. Յովհաննիսեանի, ոչ միայն խորհրդարանականներուն՝ ԼՂՀի իշխանութիւններուն հետ հանդիպումներն էին, այլեւ՝ անոնց շփումները քաղաքացիական հասարակութեան եւ փախստականներուն հետ: «Այսքանից յետոյ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները հասկացան, թէ ո՞րն է ԼՂի իրական խնդիրը, եւ նշեցին, որ մինչ այժմ իրենք տեղեակ չեն եղել իրականութեանը», յայտնած է Վ. Յովհաննիսեան, որ կը գտնուէր պատգամաւորներուն Արցախ ուղեկցող խումբին մէջ։
Ըստ անոր, եւրոպացի պատգամաւորները տարակուսանքով մօտեցած են փախստականներու պատմած իրողութիւններուն: «Սա մեծ քայլ էր աշխարհին ԼՂ հիմնախնդիրը ճիշդ ներկայացնելու ճանապարհին, քանի որ մինչ այժմ չէր եղել դէպք, երբ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներն այցելէին Արցախ, հանդիպէին ոչ միայն իշխանութիւնների, այլեւ հակամարտութիւնից ամենաշատը տուժած հասարակութեան հետ», նկատել տուած է ՀՅԴ պատգամաւորը:
Նշենք, որ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան անդամ Տամիէն Ապատի եւ Եւրոպական կանաչներու միութեան անդամ Միշել Ռիւազի Հոկտեմբեր 29ին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու 1915ին Թուրքիոյ մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Անոնք այցելած են նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը՝ ծանօթանալով Մեծ Եղեռնի պատմութեան:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 28ին, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները այցելած էին Արցախ, ուր հանդիպած էին հանրապետութեան նախագահին, ԱԺ նախագահին, Ատրպէյճանէն գաղթած հայ փախստականներու եւ հասարակութեան տարբեր խաւերու ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ այցելած էին դպրոցներ: «Մենք տեսանք, որ իրավիճակը բաւական փխրուն է. մարդիկ կը պայքարին յանուն իրենց խաղաղութեան», ըսած է Մ. Ռիւազի:
Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան անդամ Տանիէն Ապատիի խօսքով, շատ կարեւոր քայլ էր այդ այցելութիւնը, որ նպատակաուղղուած էր ԼՂ խնդիրին լուծումներ որոնելու հարցին: «Անհրաժեշտ է, որ Եւրոխորհրդարանը կրթական, մշակութային, տնտեսական, նաեւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ, մեծ ծրագիրներու ձեւով օգնութիւն ցուցաբերէ Արցախին», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ իրենք երկուքը Ֆրանսայի ներկայացուցիչներ են, եւ հպարտ են հայ համայնքին հետ իրենց ունեցած կապերով:
Պատգամաւորներուն ուղեկցող ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Նաիրա Զոհրաբեանի խօսքով, շատ կարեւոր էր Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն Արցախ կատարած այցելութիւնը, որովհետեւ անոնք միջազգային տարբեր կառոյցներու մէջ կրնան քննարկել, առաջարկներ ներկայացնել ու քուէարկել Ղարաբաղի վերաբերող հարցերուն ուղղութեամբ:
«Մեր եւրոպացի գործընկերների հետ զրոյցում, նրանք անկեղծօրէն խոստովանեցին, որ այսպիսի այցի անհրաժեշտութիւնն իրօք կար, որպէսզի տեղում տեսնէին, որ կայ նման պետութիւն, որի ինստիտուտները գործում են, որտեղ մարդիկ ապրում են խաղաղ. ահա այս պետութեան անկախութիւնը այլընտրանք չունի», ըսաւ Ն. Զոհրաբեան, որուն հաւաստումով, Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները փաստած են, թէ միջազգային ատեաններու մօտ այս տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին ու հակամարտութեան մասին պատկերացումները շատ թերի են:
«Պէտք է աւելի յաճախ կազմակերպենք այսպիսի այցեր, որոնք նպաստաւոր եւ արդիւնաւէտ արդիւնք կը տան», աւելցուցած է Ն. Զոհրաբեան: