ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդը իր «Կարմիր գիրք» անունով ծանօթ Ազգային ապահովութեան քաղաքականութեան փաստաթուղթին մէջ փոփոխութիւններ կատարած է։
Ըստ մշակուած նոր փաստաթուղթին, Թուրքիոյ համար սպառնալիք ներկայացնող երկիրներու ցանկէն դուրս բերուած են Հայաստանը, Սուրիան, Վրաստանը եւ Պուլկարիան։ Մինչ Յունաստանը կը շարունակէ Թուրքիոյ համար սպառնալիք մը մնալ. սպառնալիք նկատուող երկիրներու ցանկին վրայ առաջին անգամ ըլլալով ընդգրկուած է նաեւ Իսրայէլը. երեւոյթ մը, որ Թել Աւիւի մէջ դժգոհութիւն յառաջացուցած է։
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարար Սթաս Միսեժնիքով Թուրքիոյ որոշումին առնչութեամբ բողոք յայտնած է։ Ան յայտարարած է, որ Իսրայէլը պէտք է բոլոր հնարաւոր միջոցներով պոյքոթի ենթարկէ Թուրքիան եւ անոր դէմ պատժամիջոցներ կիրարկէ։ «Մենք պէտք է պոյքոթի ենթարկենք Թուրքիան եւ չայցելենք այդ երկիրը։ Պէտք է պաշտպանենք մեր ազգային արժանապատուութիւնը», ըսած է իսրայէլացի նախարարը։