«Ահաբեկող ցաւին դիմաց ինչպէ՞ս կարելի է անհետանալ…»
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Արդարեւ հանրայայտ դերասանուհին հայրենի հարազատ բեմերէն հեռու, իբրեւ նորայայտ վիպագիր, նուաճում մը եւս արձանագրած է՝ ափ ի բերան թողնելով իր «բարեկամներն ու մասնաւորապէս իր չարակամները»։ Անոր հերոսուհին՝ Ա.Թ. հանրայայտ հայ դերասանուհին, դէպի Հայաստան իր ճամբուն վրայ, օդակայանի մէջ կ՛անհետանայ։ Զուիցերիացի գեղագիտական հրաշագործ բժիշկին ճարտարութեամբ դիմափոխուելով՝ իր պարագային քսան տարիով ճահելանալով, անճանաչելի կը դառնայ նոյնիսկ իր օտարացած ամուսնոյն, իր հարազատ մօրն ու եղբօրը։ Ի դէպ հարկ կը տեսնեմ աւելցնել, թէ ընդհանրապէս այդպիսի «քոզմեթիք» վիրաբուժութեան ենթարկուողներուն մեծ տոկոսը կ՛այլափոխուի՝ կրկէսի ճաղերուն ետին ցատկրտող շեմբանզէի կամ անոր ցեղակիցներուն… նայած վիրաբուժութեան ենթարկուող էգերուն հոգեկան ու մտաւորական արժանիքներուն, որ յաճախ կ՛արտացոլան անոնց ափ մը փողով ձեռք անցուցած նոր դիմակներէն։ Ու նախքան նշտրակումը, բժիշկ Տեսիէ կ՛ուզէ վստահ ըլլալ ենթակային հոգեմտաւոր պատրաստութենէն եւ այսուհետեւ բոլորովին նոր դիմագիծով փոթորկոտ իր գոյութիւնը շարունակելու պատրաստակամութենէն։
– Կ՛ուզէի՞ք փոխուել անճանաչելի դառնալու չափ-, հարց կու տայ հէգ բժիշկը։
– Սիրով, յոգնել եմ ինքս ինձնից…։
– Դուք գոհ է՞ք Աստուծոյ տուածից։ Ձեր արտաքինը նկատի ունեմ…:
– …
«Դոկտորին վերջին հարցերը սադրիչ էին։ Տասներկու-տասներեք տարեկանիս թաքուն նայում էի հայելուն եւ ինձ պատկերացնում էի ուրիշ կերպ։ Իսկ երբ 18 տարեկանիս սկսայ նկարահանուել ֆիլմերում, ապա մի սեւեռուն գաղափար մտաւ գլուխս՝ անպայման պլաստիկ վիրահատութիւն անել։ Ինչ-ինչ հանգամանքներ խանգարեցին իրականացնել այդ ցանկութիւնը, որոնցից մէկը՝ իրար ետեւից քաղաքում յայտնուող կտրած քթերով կանայք էին, մէկը միւսին նման, նկարագիրը կորցրած։ Ասես՝ կլոնաւորած մուտանտներ լինէին»։
«Վիրահատութեան գաղափարից հրաժարուեցի»։
Վէպի երկայնքին, Անահիտի հերոսուհիին «պլաստիկ» վիրաբուժութեամբ ձեռք բերած այլակերպումը խորհրդանշական զոյգ իմաստներով ի յայտ կու գայ։ Այլակերպումը անպայման օտարում ու խորթացում չ՛ենթադրեր։ Մէկը որ քսան-երեսուն տարի հեռու ապրած է իր ծննդավայրէն, եթէ օտարութեան մէջ ալ չէ ընդելուզուած հայկական մթնոլորտը, երբ այդ անհատը հայրենիք կամ ծննդավայր կը վերադառնայ, ակամայ օտարի աչքերով կը սկսի դիտելու յոռի բարքերը այն հասարակութեան, որուն ծոցէն ծնունդ առած է ինք։ Միւս կողմէ, փարիզաբնակ հայ դերասանուհին, որ լռելեայն միջին տարիքի կիներու տագնապը կ՛ապրի, «պլաստիկ» վիրահատութեամբ քսան տարի կ՛երիտասարդանայ։ Հո՛ս ալ պէտքը փնտռել հոգեբանական գործօնը։ Ի՛նք՝ դերասանուհին, իր ենթագիտակիցին մէջ չէ փոխուած եւ իր այդ աքթով հարազատ իր ժողովուրդին ու երկրպագուներուն ըսել կ՛ուզէ. «Երեսուն տարեկան էի, երբ հայրենիքէն հեռացայ, ահա որպէս երեսուն տարու դիցուհի, ուրիշի մաշկին մէջ, ետ կը վերադառնամ ժողովուրդիս գիրկը»։
Իսկ այն մէկ գիշերուան մտերմութիւնը, որ մեր հերոսուհին կ՛ունենայ ընդդիմադիրներու պետ իր ամուսնոյն հետ, այդ գիշեր լաւ մը հարբելէ ետք, կամովին անոր չտրուած՝ Փարիզէն գնուած սպիտակ այն կարճ հագուստը կը հագնի, որ քսան տարի առաջ ամուսնոյն տարեդարձին հագած էր պրոնզաձոյլ իր մերկ մարմնով… Այստեղ ալ ի յայտ կու գայ սիմպոլիզմը։
Ապա, հերոսուհին ուրիշին մաշկին, այս պարագային՝ հրաշագործ բժիշկ Ժերար Տեսիէի մօրը կողմէ, հայկական ծագումով կնոջը մաշկին մէջ մտնելով՝ կ՛անյայտանայ որպէս ինքը։ Եւ քանի որ երկուորեակի պէս անոր սկսած է նմանիլ, յանձն կ՛առնէ Եւրոպական Խորհուրդի մօտ այս վերջինիս ստացած առաքելութիւնը։
Արդէն բժիշկը վիրահատութեան ճամբով կատարեր է հրաշագործութիւնը։
«- Վաղը չէ միւս օրը դուք հրաւիրուած էք մեր տունը։ Դոմինիկն անհամբեր սպասում է ձեզ։ Հայելու մէջից ինձ է նայում լուսանկարի կինը։ Դոմինի՛կը։ Իսկ ե՞ս, ես անհետացել եմ, ես այլեւս չկամ..։
– Դոկտոր, ես ուզում էի, որ ինձ հեռացնէք ինձնից, սակայն… չափից աւելի մօտեցրիք ձեր կնոջը։
– Դա է կանացի իմ իդէալը,- անվրդով պատասխանում է դոկտորը։ Անհասկանալի, անծանօթ ու տագնապալի զգացումներ են համակում ինձ:
– Այս ի՞նչ արեցի…,- յանկարծ հայերէնով արտաբերում եմ ես»։
Քանի մը օր ետք Անահիտին հերոսուհին հիւրն է բժշկապետին։
«Ընթրիքի պահուն Դոմինիկը հետաքրքիր մանրամասներ էր պատմում աֆրիկեան ուղեւորութիւնից։ Բոլորս կլանուած լսում էինք։ Ես ուրախ էի նրան նմանելուս, ոչ միայն արտաքինով, այլ՝ համոզմունքներով։ Ներկաներէն մէկը, նշանաւոր մի գրող, խորհուրդ տուեց շտապել գրի առնել տպաւորութիւնները, քանի դեռ թարմ են։ – Ես այդպէս էլ ուզում էի անել,- համաձայնեց Դոմինիկը,- մէկ ամսով փակուել մեր գիւղի տանը, ոչ մէկին չտեսնել ու գրել, բայց, աւա՜ղ, չեմ կարող։
– Ինչո՞ւ։
– Արդէն նոր յանձնարարութիւն են տալիս,- չգիտեմ, թէ ի՛նչ պատասխանեմ:
– Իսկ ո՞ւր են ուղարկում։
– Հայաստան…:
Քիչ մնաց ճչայի։
– Շատ կ՛ուզէի գնալ, վաղուց երազում եմ, ի վերջոյ տատիկիս ծննդավայրն է։ Խնդրեցի յետաձգել, բայց չեն կարող, ընդդիմադիր մի քանի գործիչներ արդէն երրորդ անգամ մեր միջամտութիւնն են խնդրում… Ահաւոր բաներ են գրում, պէտք է գնալ տեղում ստուգել։
– Իսկ դուք հայերէն գիտէ՞ք,- հարցրի ես:
– Շատ քիչ, կարելի է ասել՝ չգիտեմ։
– Ասացիք քանի մը հոգի՞,- նորից հարցնում եմ ես,- իսկ յիշում էք նրանց անունները։
Դոմինիկը ելնում է տեղից:
– Սպասէք, հիմա կը բերեմ…:
«Նա վերադառնում եւ «A4» չափի երեք թերթ մեկնում է ինձ։ Ես զարմանքից քառանում եմ, իմ առջեւ ամուսնոյս լուսանկարները կան. հասցէ, հեռախօս, բոլոր տուեալները»։
Եւ հոն, ի միջի այլոց կը նշուի, թէ հերոսուհիին ամուսինը մասնագիտութեամբ փիլիսոփա, լրագրող ու հրապարակախօս, վերջին տարիներուն քաղաքական իր հայեացքներուն համար մշտապէս հալածուեր է, նոյնիսկ քանի մը ամիս՝ բանտարկուած:
Ինչպէս ապագայ ընթերցողը պիտի նկատէ կատարած բոլոր մէջբերումներուս մէջ, չկայ աւելորդ բառ մը, որովհետեւ Անահիտ Թոփչեանի ներկայ վէպն ալ զերծ է աւելորդ շատախօսութիւններէն ու բառերու շռայլանքէն, գրուած՝ ժուժկալութեամբ։ Եւ ամէնէն կարեւորը, հակառակ քիչ մը «ֆանթասթիք» եւ անհաւատալի թուացող վիպաշարին, խօսքս գեղագիտական վիրահատութեան եւ ջուրի երկու կաթիլներու նման զուիցերիացի բժիշկին կնոջ՝ Դոմինիքին, նմանուելու իրողութեանը կը վերաբերի. այո, հակառակ այդ խոչնդոտին, վէպը շատ համոզիչ կերպով առաջ կ՛ընթանայ եւ կը կլանէ ընթերցողին ուշադրութիւնը:
Հոլիվուտի մերձակայքը ապրելով եւ ֆիլմարուեստի մէջ ճանաչում գտած զաւակի հայրը ըլլալու պարագաս, երբեք արգելք չէ եղած սեփական կարծիքս ունենալու, ու փայլատակող գեղեցկութեամբ դերասանուհիներու «ինթելեքթ»ին հանդէպ զգուշաւոր կասկածներ սնուցանելու։ Սակայն Անահիտի պարագան մեզի պէս սկեպտիկները կը համոզէ վերատեսութեան ենթարկել սնուցած «շապլոն» այդ կարծիքը, որովհետեւ այստեղ նրբազգաց ու խորատես անհատականութեան հետ է մեր գործը։ Անիկա երբ Տոմինիքին եւ անոր ամուսնոյն օրհնութեամբ, յանձն կ՛առնէ ԵԱԽի կողմէ իրեն յանձնուած նուրբ դիւանագիտութիւն պահանջող կարեւոր առաքելութիւնը, բան մը, որ իրեն առիթ կու տայ քսան տարուան բացակայութենէ ետք իր հայրենակիցները, Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող եւ ընդդիմադիր պետական այրերը օտարի աչքով դիտելու, ու մանրակրկիտ խոր վերլուծման ենթարկելու անոնց յաճախ հակաօրինական բարքերն ու վաւաշոտ տղամարդու լկտիութեան հասնող կնամոլ դրսեւորումները։ Նորահարուստ շփացած «Էլիթար» խաւին Սեւանայ լիճի ափին բարձրացուցած հարէմանման ամարանոցները եւ հոն, լիճի ափին, անկրծքալ, կիսամերկ հայ աղջնակներու արեւու լոգանք առնելը։ Անահիտին ամենատես հերոսուհին նոյնիսկ իր ծնողաց եւ լիրբի մը հետ ապօրինի կենակցող ամուսնոյն չի խնայեր։ Կը քանդէ նաեւ հալածախտէ վարակուած ընդդիմադրութեան կողմէ իշխանութիւններուն դէմ սարքուած մեղադրական գործը։ Եւ ընթացքին համոզիչ տիպարներ կը ստեղծէ։
Ստորեւ՝ երկու նմոյշ եւս։ Անահիտին ստեղծած կերպարը սաւառնակին մէջէն կը սկսի իր պրպտումներուն։ Կորսուած դերասանուհիին մասին ֆրանսերէնով կը հարցնէ մօտը նստող գեղադէմ հայ երիտասարդին.
«- Նախ, ես թատրոնի սիրահար չեմ…,- կը պատասխանէ ան։
– Գիտէք,- ընդհատում եմ նրան,- ես ալ ֆութպոլի սիրահար չեմ, բայց եթէ վաղը մի տաղանդաւոր ֆութպոլիստ անհետանայ, ես գոնէ մտահոգուեմ։
– Որ մէկի համար մտահոգուեմ, միլիոն ու կէս մարդ է լքել Հայաստանը, դրանց մեծ մասը, կարելի է ասել՝ անհետացած է…
«Հաճոյքով կ՛ապտակէի այս լկտի լակոտին կամ գոնէ կ՛ասէի. «Մնացած մասն էլ անհետացած կը համարէք, երբ դադարեն դառը քրտինքով վաստակած փողն ուղարկել Հայաստան…»։ Բայց դա կարող է շատ հեռուները տանել։
– Արդեօք ճիշդ լսեցի, իսկապէ՞ս միլիոն ու կէս մարդ հեռացել է փոքրիկ Հայաստանից։
– Մօտաւորապէս այդքան, գուցէ մի քիչ պակաս։
– Իսկ ինչո՞վ կը բացատրէք ահաւոր այդ թիւը:
– Դէ, ինչպէ՞ս ասեմ, հիմա հեշտացել է երկրից դուրս գալը:
– Կը ներէք, Ֆրանսայէն դուրս գալը, կարծեմ աւելի դիւրին է, բայց այնտեղից գրեթէ ոչ ոք չի հեռանում:
– Որտեղի՞ց գիտէք,- դժգոհ հարցնում է նա։
– Վերջերս մի հաղորդում նայեցի այդ մասին։ Բայց դուք չասացիք, թէ ինչո՞ւ էք նրանց վերջնականապէս կորած համարում։
– Որովհետեւ այդ միլիոն ու կէսից հազիւ մի քանիսը ետ գան… անշնորհները։
– Դուք այդքան հանգիստ սրտով հրաժարւո՞ւմ եք միլիոն ու կէսից։
– Հապա ի՞նչ անեմ, լա՞ց լինեմ։
Տէ ես նրան իսկապէս կ՛ապտակէի։ Սակայն…:
«Երեք մեքենայ է սպասում ինձ, երեք տարբեր կազմակերպութիւններից՝ եթէ ընդդիմութիւնն էլ կազմակերպութիւն համարենք։ Կարելի է նաեւ այսպէս դասակարգել. պետական՝ դատախազութեան կողմից, հասարակական՝ մարդու իրաւունքների կազմակերպութեան կողմից, եւ ինչ որ առումով հակապետական՝ ընդդիմութեան կողմից։ Մեքենաներն էլ տեսակաւորուած են հետեւեալ կերպ. վերջին մոտելի BMW X5, առնուազն եօթը-ութ տարուան Mercedes եւ 70ական թուականների Honda, ղեկն աջ կողմից։ Չափազանց պերճախօս է. ընդդիմութիւնը նաեւ այսպէս է հակադրւում հանրապետութիւնում գործող իշխանութիւնների հաստատած ճանապարհային երթեւեկութեան օրէնքներին. ձեր ղեկը ձախ կողմի՞ց է՝ մերն աջից կը լինի, իսկ եթէ ձերն աջակողմեան դառնայ, մերը կը դարձնենք ձախակողմեան»։
Այսպիսի անհեթեթութիւններով կը պատկերուին ընդդիմութիւն-իշխանութիւն բանավէճերը, երբ մարգարէ ըլլալու պէտքը չկայ անդրադառնալու համար, թէ բոլորն ալ նոյն ասթարէն կտրուած, չափուած ու ձեւուած են:
Կարելի է երկարել մէջբերումներն ու վերլուծութիւնը։ Արդեօք հա՞րկ է շեշտել, թէ հայ իրականութեան մէջ հազուադէպ պարագաներու կարելի է հանդիպիլ այսպիսի բիրտ անկեղծութեամբ գրուած վէպի, ան ալ իգական սեռի պատկանող տաղանդաւոր արձակագրի մը կողմէ։ Տակաւին, վէպի երկայնքին, տեղ-տեղ ինքնակենսագրական «էլեմենթ»ներու կարելի է հանդիպիլ, ինչ որ խոցելու փոխարէն, Ա.Թ.ին այս գործը աւելի անմիջական, իրապաշտ ու կենսայորդ կը դարձնեն։ Սակայն եւ այնպէս, իբրեւ գրող, զիս ամէնէն աւելի խանդավառողը եղաւ այն պարագան, թէ Անահիտ Թոփչեանը իր նոր վէպով սփիւռքահայ եւ հայրենի ընթերցողին կը վերադարձնէ ընթերցանութեան հաճոյքը, անոր համն ու հոտը:
Անահիտ Թոփչեանի «Անհետացում» վէպը մեր նորագոյն արձակի նուաճումներէն է, լիապէս արժանի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակին։