ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Հոկտեմբեր 24ին, Գիւտ Ս. Խաչի տօնին օրը, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատոյց առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանը, իսկ արարողութեանց հանդիսապետեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը: Այս առիթով, պատարագին ներկայ գտնուեցան ՀԲԸՄ Երուանդ Պապայեանի անուան մանկավարժական հիմնարկի «Ազգանուիրում» ծրագիրի շուրջ 30 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ՝ ղեկավարութեամբ դոկտ. Սիլվա Գարայեանի:
Նախքան «Հայր Մեր»ը, սրբազան հայրը իր գնահատական խօսքը ուղղեց անոնց՝ իր ուրախութիւնը յայտնելով, որ դոկտ. Գարայեանի եւ ուսուցչուհիներու ջանքերուն շնորհիւ, անոնց մէջ կը թրծուէր եկեղեցասիրութեան եւ հայրենասիրական ոգին, եւ որ հայ մշակոյթին հմտանալով՝ ապագային իրենց օգտակար ծառայութիւնները պիտի մատուցանեն եկեղեցիին եւ հայ ժողովուրդին:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ «Զօրայեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Աւետիս Մանուկեանի գործերուն ցուցահանդէսը: Մանուկեան հայրն է արուեստագիտուհի Սեդա Մանուկեանի, որ իր գործերէն 50 հատը նուիրեց «Ազգանուիրում» ծրագիրին, առ ի գնահատութիւն հիմնարկի օգտաշատ աշխատանքներուն եւ սերունդներու միջեւ կապեր ստեղծելու անխոնջ ջանքերուն: Արդարեւ, «Ազգանուիրում»ի աշակերտներուն գործօն մասնակցութիւնը այս ցուցահանդէսի պատրաստութեան աշխատանքներուն, օգտակար փորձառութիւն մը եղաւ՝ անոնց մէջ աւելի եւս զօրացնելով ազգային ծառայութեան ոգին:
Լորա Գույումճեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Դոկտ. Սիլվա Գարայեան խօսեցաւ «Ազգանուիրում»ի ներկայ ծրագիրներուն մասին եւ յիշեց, թէ նոր ծրագիրներ եւս կը մշակուին: Խօսք առաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄ վարիչ տնօրէնուհի Եասմին Ալփայ: Սրբազան հայրը հանդէս եկաւ եւ յիշեց, թէ շուրջ 40 տարիներ առաջ, Երուանդ Պապայեան իր տնօրէնը եղած էր Լիբանանի մէջ: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, Երուանդ Պապայեան սրտաբուխ պատգամ մը տուաւ երիտասարդութեան՝ յոյս յայտնելով, որ անոնք իրենց ծառայութեամբ պատիւ պիտի բերեն հայ ժողովուրդին: Ապա, դոկտ. Սիլվա Գարայեան «Յանձնարարագիր», «Պատուոյ գիր» եւ «Սասունցի Դաւիթ» շքանշանները յանձնեց ընտրեալ երիտասարդներուն, ու սրբազան հօր «Պահպանի»չ աղօթքով փակուեցաւ յայտագիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.