(Հեղինակ՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2010ին Պոլսոյ մէջ, «Մուրատ Օֆսեթ» տպարանէն լոյս տեսաւ պոլսահայ հրապարակագիր եւ «Մարմարա» թերթի փոխ խմբագիր՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի «Մանկութեանս փողոցներուն մէջ» խորագրեալ հատորը, գրագէտ եւ խմբագրապետ Ռոպեր Հատտէճեանի յառաջաբանով եւ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Արմէն եւ Միմի Յարութիւնեաններու։
Հեղինակը 1989ին Պոլսոյ մէջ խմբագրած եւ հրատարակած է «Շնորհք պատրիարքի օրագրութեան էջեր» խորագրեալ գիրքը։ Իսկ 1995ին լոյս ընծայած է «Ողջագուրումներու եւ բաժանումներու յաւերժական ճամբուն վրայ» խորագրեալ գիրքը, ուր ան կը նկարագրէ Հայաստան տուած այցելութեան շուրջ իր տպաւորութիւնները։ «Մարմարա» թերթին մէջ ստորագրած է նաեւ բազմաթիւ թարգմանութիւններ, հարցազրոյցներ, տպաւորապաշտ էջեր եւ պատմական վայրերու մասին ուղեգրութիւններ։
«Մանկութեանս փողոցներուն մէջ» խորագրեալ հատորը կը բաղկանայ 336 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ երեք բաժինները. «Ուխտագնացութիւններ», «Ապրումներ» եւ «Վերյիշումներ»։
Արդարեւ, հատորը կը սկսի դէպի Կեսարիա ուխտագնացութեամբ (2 – 5 Յուլիս 1987), որուն կը մասնակցին ոչ միայն Պոլսոյ զանազան թաղամասերէն ուխտաւորներ, այլ նաեւ՝ Շնորհք արք. Գալուստեան պատրիարքը։
Երբ կը հասնին Կեսարիա, հեղինակը ուխտաւորներու հետ կը մտնէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր պահ մը կը զմայլի անոր ներքին գեղեցկութեան վրայ եւ կ՛ոգեշնչուի այն մտածումով, թէ սուրբ է այս վայրը, որովհետեւ դարեր առաջ այստեղ Լուսաւորիչ հայրապետ անցուցած է իր երիտասարդութիւնը։
Ապա կ՛այցելեն Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքը։ Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ «Մարմարա» թերթին տպարանէն լոյս տեսած գեղատիպ գիրքի մը մէջ կարդացած է, թէ Կեսարիոյ եկեղեցին եւ անոր յարակից բարձրագոյն վարժարանը հիմնած է առաջնորդ Տրդատ եպս. Պալեան։ Թէ՝ սոյն կրթական հաստատութեան մէջ տարիներ առաջ տնօրէնի պաշտօն վարած է Վահան Թէքէեան։
Ուխտագնացութեան վերջին օրը ուխտաւորները դարձեալ կ՛այցելեն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին՝ ներկայ ըլլալու համար Լուսաւորչի տօնախմբութեան։ Երբ որոշեալ ժամուն կը հասնին եկեղեցւոյ բակը, կը նկատեն, թէ պատարագը դեռ չէ սկսած տակաւին։ Հետեւաբար, օգտուելով այս պատեհ առիթէն, կ՛այցելեն եկեղեցւոյ կից վարժարան մը՝ կառուցուած 1889 Հոկտեմբերի 4ին, որ ժամանակի բերումով դարձած է անգործածելի։
Պահ մը ետք, կը քալեն դէպի ձախ, եկեղեցւոյ խորանին ուղղութեամբ ու կանգ կ՛առնեն կքած տանիքով Սարգիս Կիւմշեան հնակառոյց վարժարանին դիմաց, որ հիմնուած է 1868 Հոկտեմբերի 1ին։ Ի տես սոյն վարժարանի հնամաշ երեւոյթին՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեան կ՛ըսէ. «Դրան առջեւ կեցած եմ անշարժ։ Տխուր է տեսարանը։ Չկան աշակերտներ, չկայ գոռում-գոչում, չկան ուսուցիչներ, չկայ եռուզեռ։ Հիմա, սա պահուս, կը մղուիմ խորհրդածելու, թէ ո՜վ գիտէ, ովքե՞ր իրենց քայլերը դրած են այս սեմէն ներս՝ որպէս աշակերտ եւ նաեւ որպէս ուսուցիչ։ Ինչե՜ր լսած են այս պատերը, որոնք հիմա կը լսեն միա՛յն քամիին սոյլն ու մրրիկին շառաչը»։
Ապա ուխտաւորները կը դիմեն Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր կը պատարագէ Պոլսոյ պատրիարք հայրը՝ փէշակիր ունենալով Պսակ եւ Միւռոն քահանայ հայրերը։
Պատարագի պահուն պատրիարք հայրը իր քարոզին մէջ կ՛ըսէ, որ թէեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ենթարկուեցաւ բազմատեսակ չարչարանքներու, բայց աստուածային հրաշագործ զօրութեամբ մնաց կենդանի եւ տարածեց քրիստոնէութիւնը Արարատեան աշխարհի մէջ։ Ան իր հոգեւոր առաքելութիւնը յանձնելէ ետք երկու զաւակներուն, լեռ բարձրացաւ եւ աղօթքով հեռացաւ այս աշխարհէն։
Ճշդուած օրը պատրիարքը կը մեկնի Ալեքսանտրեթ՝ տալու հովուական այցելութիւն իր ժողովուրդի զաւակներուն, իսկ ուխտաւորները կը վերադառնան Պոլիս։
Ապա Մաքրուհի Պ. Յակոբեան կը նկարագրէ այն ուղեւորութիւնը, զոր ան կատարած է դէպի Դիլիջան, խումբ մը հայրենի եւ սփիւռքահայ բարեկամներու հետ։ Կ՛ըսէ, թէ Դիլիջանը կը գտնուի ծովու մակարդակէն 400 մեթր բարձրութեան վրայ եւ շրջապատուած է հարուստ անտառներով։ Ունի մաքուր օդ։ «Առողջարանային» քաղաք մըն է, ուրկէ կ՛անցնի Աղստեւ գետը։ Դիլիջանի ձմեռը տաք է եւ ամառը զովասուն, այս բարեյատկութեամբ, դարձած է ան գեղեցիկ եւ հրապուրիչ։ Կ՛ըսէ, թէ Դիլիջան շրջապատուած է պատմական յուշարձաններով, վանքերով, եկեղեցիներով եւ պալատներով։ Հոս կու գան այն հիւանդները, որոնք ընդհանրապէս կը տառապին թոքային հիւանդութիւններէ։
Մաքրուհի Պ. Յակոբեան կ՛ըսէ, թէ ճաշէ ետք, ինքնաշարժներով կ՛ուղղուին դէպի Հաղարծին վանքի համալիրը, որ կը կոչուի նաեւ Դիլիջանի մարգարիտը։ Ի տես վերոյիշեալ վանքի ճարտարապետական շքեղ կառոյցին՝ կ՛ըսէ. «Երբ ձեռքով շօշափեցի վանքի պատերը, ինծի այնպէս թուեցաւ, որ քարերը տակաւին իրենց մէջ կը պահէին միջնադարեան շրջանի հայոց պատմութեան շունչը»։
Ապա այցելուները վանքին պահակէն կ՛իմանան, թէ Հաղարծինի համալիրը կը բովանդակէ հետեւեալ եկեղեցիները՝ Ս. Գրիգոր եկեղեցին՝ կառուցուած 11րդ դարուն, Ս. Աստուածածին եկեղեցին՝ կառուցուած 1281ին եւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցին՝ կառուցուած 1244ին։
Պահակը կ՛ըսէ նաեւ, թէ սոյն վանքին զանգակատունը, Բագրատունիներու թագաւորական ընտանիքի դամբարանը, մատուռներ եւ խաչքարեր կառուցուած են 12-13րդ դարերուն։ Իսկ սեղանատունը, որ համալիրի շրջափակին մէջ կը գտնուի, կառուցուած է շինարար Մինասի կողմէ։ Թէ՝ սոյն վանքի շրջափակին մէջ թաղուած է միջնադարու հայ պատմիչ Խաչատուր Տարօնացի։
Այցելուները Դիլիջանէն կը վերադառնան Երեւան՝ հաճելի օր մը անցուցած ըլլալու գոհունակութեամբ։
«Պայծառ եւ տպաւորիչ օրեր՝ Սուրիոյ եւ Լիբանանի երկինքներուն տակ» խորագրեալ բաժինով Մաքրուհի Պ. Յակոբեան կ՛ըսէ, թէ Հալէպի «Կիլիկիա» հրատարակչատան սեփականատէր Մաթիկ Էպլիղաթեանի կողմէ հրաւէր ստացած են, ինք եւ ասմունքող Սիլվա Կոմիկեան, որպէսզի Համազգայինի հովանաւորութեամբ ելոյթներ ունենան Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ։
Արդարեւ, Մաքրուհի Պ. Յակոբեան Թուրքիոյ հայոց մշակութային, կրթական, հոգեւոր եւ քաղաքական կեանքի մասին իր դասախօսութիւններով եւ Սիլվա Կոմիկեան հայ բանաստեղծներու գործերէն իր կատարած ասմունքներով կը յառաջացնեն վարակիչ խանդավառութիւն Պէյրութի, Դամասկոսի, Հալէպի, Գամիշլիի եւ Քեսապի հայահոծ շրջաններուն մէջ։ Անոնք այցելելէ ետք Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, կը վերադառնան Պոլիս։
«Ապրումներ» խորագրեալ բաժինով Մաքրուհի Պ. Յակոբեան կը վկայագրէ երեք կարեւոր եղելութիւններ։
Այսպէս, ան կ՛ըսէ, թէ Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոս կը վախճանի 24 Օգոստոս 1994ին՝ խոր սուգի մատնելով Հայաստանի եւ սփիւռքի ողջ հայութիւնը։ Իսկ վեհափառին թաղման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Կիրակի, 28 Օգոստոս 1994ին։
Հեղինակը կը յիշէ Երեքշաբթի, 4 Ապրիլ 1995 թուականը՝ իբրեւ ուրախ եղելութիւն, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը կը դառնայ Ամենայն հայոց 131րդ հայրապետը՝ Գարեգին Ա.։
Մաքրուհի Պ. Յակոբեան կը յիշէ Ուրբաթ, 2 Յուլիս 1999 թուականը, երբ կը վախճանի Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը։ Այս տխուր առիթով, Շաբաթ, 3 Յուլիսին ան կ՛այցելէ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ կ՛առաջնորդուի դէպի վեհարանի ընդունելութեան սրահը, ուր սուգի տոմարին մէջ «Մարմարա» օրաթերթին անունով կը ստորագրէ հետեւեալ ցաւակցագիրը. «Գարեգին Ա. վեհափառ հայրապետը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պայծառ դէմքերէն մէկն էր։ Որպէս ոսկեհագագ քարոզիչի, որպէս գրական բարձր արժանիքներով օժտուած հոգեւորականի՝ իր անունը անմոռանալի տեղ պիտի գրաւէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ»։
7 Յուլիս 1999ին Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենայ Ամենայն հայոց Գարեգին Ա. վեհափառին վերջին օծումն ու յուղարկաւորութիւնը՝ հայ եւ օտար բարձրաստիճան եկեղեցականներու եւ սգաւոր հոծ բազմութեան ներկայութեան։
Հատորին «Երեւանեան պատկերներ՝ հոգեթով ապրումներով թաթաւուն» խորագրեալ բաժինով Մաքրուհի Պ. Յակոբեան 60 պոլսահայ ուխտաւորներու հետ կու գայ Երեւան, 11 Մայիս 1999ին, ներկայ ըլլալու համար այն անդրանիկ պատարագին, զոր Մեսրոպ արք. Մութաֆեան կը մատուցէ Ս. Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ, Պոլսոյ պատրիարք ընտրուելուն առիթով։
Հայրենիքի մէջ հեղինակը կ՛այցելէ Գառնիի մեհեանը, Գեղարդի եւ Խոր Վիրապի եկեղեցիները։ Կ՛այցելէ նաեւ պանթէոնը, ուր կը գտնուին դամբարանները՝ Համօ Սահեանի, Կոմիտասի, Սերգէյ Փարաճանովի, Ուիլիըմ Սարոյեանի, Աւետիք Իսահակեանի եւ Վահրամ Փափազեանի։
Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Երեւանի մէջ կը տօնուի բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան 75ամեակը։ Սոյն հանդիսութեան ընթացքին Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Հրանդ Մաթեւոսեան կը դրուատէ գրական արժանիքը Զահրատի, որ կը պարգեւատրուի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, Հայաստանի վարչապետ Արմէն Դարբինեանի կողմէ։
Հատորին «Վերյիշումներ» խորագրեալ վերջին բաժինով Մաքրուհի Պ. Յակոբեան կը կենդանագրէ կարգ մը սրտառուչ յիշատակներ։ Կ՛ըսէ, թէ գործնապէս նպաստած է Շնորհք պատրիարքի հրատարակչական աշխատանքին։ Հաստատած է ծանօթութիւն՝ պոլսահայ գրագէտ Գեղամ Սեւանի հետ։ Կը յիշէ մա՛նաւանդ այն վաղնջայուշ տարիները, զորս անցուցած է ան Տատեան վարժարանին մէջ, եւ որոնք սերտօրէն առնչուած են իր մանկութեան հետ։
Արդարեւ, յուշագրական բնոյթ կրող հրատարակութիւն մըն է «Մանկութեանս փողոցներուն մէջ» խորագրեալ հատորը, զոր Մաքրուհի Պ. Յակոբեան գրած է բծախնդրութեամբ։