
ԵՐԵՒԱՆ.- Ըստ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ ծառայութեան տուեալներուն, Ատրպէյճանի կողմէ գերի վերցուած Հայաստանի քաղաքացի Մանուէլ Սարիբէկեանի մահուան դէպքին առթիւ յարուցուած է քրէական գործ:
Գեղարքունիքի մարզի Թթուջուր գիւղի բնակիչ, հովիւ Մանուէլ Սարիբէկեան գերեվարուած էր 2010ի Սեպտեմբեր 11ին, երբ ան իր անասունները տուն տարած ընթացքին, մշուշի հետեւանքով մոլորած ու յայտնուած էր հայ-ատրպեճանական սահմանին վրայ։
Նշենք, որ Նոյեմբեր 4ին, ատրպեճանական կողմը Հայաստանի յանձնեց դիակը Մանուէլ Սարիբէկեանին, որ ատրպեճանական պաշտօնական յայտարարութիւններուն համաձայն, մահացած էր Հոկտեմբեր 5ին, խեղդամահ ըլլալով (իբրեւ թէ՝ ինքնասպանութեամբ):
Դիակի նախնական զննութեամբ պարզուած է, թէ անիկա պատշաճ կերպով չէ պահպանուած: Դատաբժշկական հետազօտութեամբ բացայայտուած է, որ դիակին վրայ առկայ են կտտանքներու հետքեր, որոնք կը վկայեն, թէ Մ. Սարիբէկեան ենթարկուած է խոշտանգումներու ու անմարդկային վերաբերմունքի, ինչ որ կը վկայէ, թէ ատրպէյճանցիները մշեղսակից են անոր սպանութեան հարցով: Ուստի Հայաստանի գլխաւոր դատախազին ցուցմունքով, յարուցուած է քրէական գործ։