ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումի տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 24ի երեկոյեան, «Եունիվըրսըլ Շերըթըն» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 700 համակիրներու, պետական պաշտօնատարներու, համայնքային կրօնական, քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ արհեստավարժ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, որոնք եկած էին տօնախմբելու նախորդ տարուան ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւնները եւ պատուելու խումբ մը ղեկավարներ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Էլիզապէթ Պոյաճեան, որ ողջունեց Հայ Դատի յանձնախումբին հաւատաւորները՝ զանոնք նկատելով յանձնախումբի նպատակներուն իրականացման գլխաւոր մղիչ ուժը:
Ձեռնարկին ընթացքին, «Տարուան անձնաւորութիւնը» մրցանակը շնորհուեցաւ մարդկային իրաւանց պաշտպան, քոնկրեսական Հաուըրտ Պըրմընի: Ան ներկայացուցեաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանի ու քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի կողմէ, որոնք շեշտեցին յատկապէս Պըրմընի կարեւոր ներդրումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող Ներկայացուցիչներու տան թիւ 252 բանաձեւին վաւերացումը ապահովելու աշխատանքին: Պըրմըն նաեւ տարիներու ընթացքին ամերիկահայութեան եւ ընդհանրապէս մարդկային իրաւանց տարրական իրաւունքներու պաշտպան կանգնող քոնկրեսական մը եղած է, ու հակառակ Թուրքիոյ իշխանութեանց եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կառավարութեան կողմէ բանեցուած ճնշումներուն՝ այս տարուան Մարտին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի օրակարգին վրայ դրաւ թիւ 252 բանաձեւը եւ ապահովեց անոր վաւերացումը:
Նաեւ, «Տարուան խորհրդարանականը» մրցանակը յանձնուեցաւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի մեծամասնութեան ղեկավար Չարլզ Քալտերոնի, որ նմանապէս ամերիկահայութեան շահերը պաշտպանելու երկարամեայ գործունէութիւն ունի: Քալտերոն վերջերս ապահովեց Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի թիւ 148 բանաձեւին վաւերացումը, թիւ 60 ազատուղիին վրայ Մոնթեպելլոյի «Պիքել» զբօսայգիին մէջ գտնուող Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին առաջնորդող ցուցատախտակներ զետեղելու նպատակով: Քալտերոնը ներկայացուցին Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Մուրատ Մինասեան եւ Ճեք Հաճինեան:
Քաղաքական իր ասպարէզին ընթացքին, Քալտերոն մօտիկ կապեր ունեցած է Սան Կապրիէլ հովիտի հայկական գաղութին հետ, եւ 1980ականներուն նեցուկ կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը նահանգային վարժարաններուն մէջ դասաւանդելու աշխատանքներուն, որոնց շնորհիւ, Քալիֆորնիոյ բոլոր աշակերտները ներկայիս առիթը ունին ծանօթանալու այս ահաւոր ոճիրի ծալքերուն:
Իրաւաբան Անի Մկրտիչեան ներկայացուց փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը, որուն շնորհուեցաւ յանձնախումբին՝ «Ամբողջ կեանքի մը իրագործումներու մրցանակը» (Lifetime Achievement Award): Փրոֆ. Յովհաննէսեան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող Հայ կրթական հիմնարկութեան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչն է, ու հայագիտական եւ յատկապէս՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ուսմանց մարզին մէջ առաջնորդող դէմք մը եղած է վերջին տասնամեակներուն: Հայոց պատմութեան, մշակոյթի ու հայութեան ներկայ իրավիճակին մասին անոր դասաւանդումներով, ուսումնասիրութիւններով, գրութիւններով եւ աշխարհի տարածքին անոր տուած դասախօսութիւններով, ան յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած է:
Նաեւ, համայնքային երկարամեայ գործիչ եւ բարերար Չարլի Կայլեան, ամերիկահայ համայնքին իր մատուցած սպասարկութեանց համար, արժանացաւ «Ժառանգութեան մրցանակ»ին:
Կայլեան, հայկական զանազան կազմակերպութեանց ընդմէջէն՝ սկսելով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն, ՀՄԸՄէն ու հասնելով մինչեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ գործող Հայագիտական ուսմանց հիմնարկին, իր իւրայատուկ օժանդակութիւնը բերած է ամերիկահայութեան կեանքին: Կայլեանը ներկայացուեցաւ դաշնակցային դատաւոր Տիգրան Թեւրիզեանի կողմէ, որ դրուատեց Կալեանի արժէքաւոր ներդրումը:
Ամբողջ ձեռնարկին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ կամաւոր աշխատանքի կարեւորութեան վրայ. Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Այտա Տիմէճեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ. «Կը յուսամ, որ մեր այս հաւաքին ստեղծած յոյսն ու ներուժը կ՛օգտագործենք մեր արդար իրաւունքներուն հասնելու համար, եւ յաջորդ տարի հպարտութեամբ կը տօնենք մեր նոր իրագործումները»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.