ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական ոսկրածուծի հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Նոյեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 7ին, հռչակաւոր «Comedy Store»ին մէջ (8433 Sunset Blvd., Los Angeles, CA, 90069) տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեան ամէնամեայ ութերորդ՝ «Խնդուք կեանքի համար» ձեռնարկը, որուն պիտի մասնակցին շարք մը կատակաբաններ:
Մասնակիցներուն շարքին են՝ Սեմ Թրիփոլի, Արա Պասիլ, Քրիսթինա Փաժիցքի, Օուըն Սմիթ, Ճանի Սանչեզ, Տերըն Քարթըր եւ Մեթ Այզմեն:
Մուտքի սակը 50 կամ 100 տոլար է: Տոմսերու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 741-1220 թիւին կամ Firm@LaraLaw.com ու V_Cholakian@yahoo.com հասցէներուն: