
ԼՈՆՏՈՆ, ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8ին, Օքսֆըրտ համալսարանի իսլամական հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ, «Իսլամական աշխարհ, ժողովրդավարութիւն եւ զարգացում» նիւթով ելոյթ ունենալով՝ յայտարարած է, թէ միջազգային համայնքին կողմէ պէտք չէ անտեսուի այն հանգամանքը, թէ Հայաստան «բռնագրաւած» է Լեռնային Ղարաբաղը, ինչ որ, ըստ Կիւլի՝ հաստատուած է նաեւ ՄԱԿին կողմէ։
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ե՞րբ պիտի կարգաւորուին Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները՝ Կիւլ ըսած է, թէ թրքական կողմը ջանքեր կը գործադրէ Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման նպաստելու համար։ «Պէտք չէ թոյլ տալ, որ տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող սառեցուած խնդիրները շարունակական բնոյթ ստանան։ Հակառակ պարագային, անոնք կրնան յանկարծակի պայթիլ», ըսած է ան։
Ընդգծելէ ետք, որ Թուրքիան առաջին պետութիւններէն մէկն էր, որ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը, Կիւլ նշած է, թէ հակառակ այդ իրողութեան, մինչեւ օրս երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունին խնդիրներ, որոնց լուծման ուղղութեամբ ջանքեր կը գործադրուին։
Թուրքիոյ նախագահը նշած է նաեւ, որ խնդիրներու կարգաւորման առնչութեամբ երբեմն կ՛ընթանայ «լուռ դիւանագիտութիւն», եւ աւելցուցած. «Անհրաժեշտ է աշխատիլ Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման համար»։
Լուսարձակի տակ առնելով Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բանակցութիւնները՝ Կիւլ նշած է, թէ Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը իր երկրի արտաքին ռազմավարութեան թիրախն է։ Ըստ անոր, Թուրքիոյ առջեւ անարդար արգելքներ կը դրուին, բայց Թուրքիա պիտի շարունակէ բանակցութեանց գործընթացը, եւ կարեւորն այն է, որ Թուրքիա կարենայ համակերպիլ Եւրոպական չափանիշներուն։