ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 9ին, «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնին մէջ (ԳԱԿ) սկսած է «Ստեղծագործականութիւն եւ երեւակայութիւն» խորագիրով մանկական նոր ծրագիրը՝ չեխ ապակեգործ Իւանա Շրամկովայի «Երկրաչափական ձեւեր եւ պատկերներ» ցուցահանդէսին ծիրէն ներս:
ԳԱԿի «Ստեղծագործականութիւն եւ երեւակայութիւն» ծրագիրին ընթացքին տեղի պիտի ունենան ստեղծագործութեան եւ արուեստի յատուկ խաղ-դասեր, 6-12 տարեկան երեխաներու համար: Դասերը պիտի հիմնուին Իւանա Շրամկովայի ստեղծագործութիւններուն վրայ, որոնք կը ցուցադրուին Կեդրոնի «Սասունցի Դաւիթ» պարտէզի սրահին մէջ, մինչեւ 2011ի Մարտ:
«Մեր մասնագէտ խաղավարները երեխաներին հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն ուղղակիօրէն առնչուել արուեստի հետ, օգտագործել իրենց անսպառ երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական կարողութիւնները», ըսած է «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնի ծրագիրերու եւ կրթութեան գծով տնօրէն Աստղիկ Մարաբեան, որ աւելցուցած է. «Կենտրոն այցելելիս նրանք այլեւս չեն լինի զուտ դիտորդ. փոխարէնը՝ երեխաները կ՛ունենան իրական շփում ու հաղորդակցում արուեստի հետ»:
Ծրագիրի առաջին դասը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 9ին, «Զատիկ» մանկատան սաներուն համար՝ չեխ արուեստագէտ Իւանա Շրամկովայի ներկայութեամբ:
Հետագային ծրագիրին մէջ պիտի ներգրաւուին այլ դպրոցներ, իսկ Շաբաթ օրերը ծրագիրին պիտի մասնակցին նաեւ ընտանիքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.