
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Նոյեմբեր 10ին պաշտօնական այցով կը մեկնի Հնդկաստան, ուր նախատեսուած են անոր հանդիպումները տեղի բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Խօսելով այցելութեան մասին՝ Հայաստանի ԱԳ փոխնախարար Սերգէյ Մանասարեան նշած է, որ Նալբանդեան հարցազրոյցներ պիտի ունենայ հնդկական լրատուամիջոցներու հետ, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւն պիտի տայ բարձրագոյն դիւանագիտական դպրոցին մէջ:
Մանասարեան նաեւ յայտնած է, որ հայ-հնդկական յարաբերութիւնները կը գտնուին բաւական բարձր մակարդակի վրայ։ Երկու պետութիւններուն միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը լաւ է, սակայն բարձր մակարդակի վրայ չէ տակաւին: Համագործակցութիւն կայ յատկապէս բարձր գիտարուեստներու ոլորտին մէջ:
Փոխնախարարը նշած է, որ Նալբանդեանի Հնդկաստան կատարելիք այցելութեան ընթացքին շեշտը պիտի դրուի երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան աշխուժացման վրայ: Նշենք, որ Հայաստան ամէն տարի Հնդկաստանէն կը ներածէ 43 միլիոն տոլարի, եւ կ՛արտածէ 2.7 միլիոն տոլարի ապրանք: