
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «ՓանԱրմինիըն».- Արցախի նախագահի աշխատակազմի մամլոյ վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան Նոյեմբեր 9ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, թէ «բռնազաւթուած տարածքները» ազատագրելու մասին տարածուած տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի, Ղարաբաղի ու Հայաստանի միջեւ միջանցք ստեղծելու լուրը, չեն համապատասխաներ իրականութեան: Բաբայեանի խօսքերով, նման հարցեր, առանց Արցախի մասնակցութեան, չեն կրնար ընդգրկուիլ բանակցային գործընթացի օրակարգին մէջ:
«Հակամարտութիւնների կարգաւորման մէջ ամենակարեւորն իրականութեան «ատեգուաթ» (ճշգրիտ-Խմբ.) ընկալումն է, ինչն Ատրպէյճանի մօտ բացակայում է», յայտարարած է Դաւիթ Բաբայեան եւ աւելցուցած, որ հակամարտութեան լուծման համար պէտք է անդրադառնալ սկզբնապատճառին, այլ ոչ թէ՝ հետեւանքներուն:
Բաբայեան նաեւ նշած է, որ ոչ-ժողովրդավարական խորհրդարանական ընտրութիւնները դարձած են ոչ միայն Պաքուի, այլ նաեւ միջազգային հանրութեան խնդիրը: Իբրեւ արդիւնք, Պաքուն, Արցախի միջոցով, կը փորձէ իր խնդիրներէն շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը:
Նշենք, որ Նոյեմբեր 9ին, ատրպեճանական զանգուածային լրատուամիջոցները տարածած են տեղեկատուութիւն մը, իբր թէ ԱՊՀ գործադիր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ յայտարարած է, որ կը քննարկուին այսպէս կոչուած «բռնազաւթուած տարածքներն» ազատագրելու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ միջանցք ստեղծելու հարցերը: