ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ Ազատութիւն կուսակցութիւնը կը պահանջէ անյապաղ դադրեցնել Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները, որովհետեւ Աւստրիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպան Քատրի Էճվեթ Թեզջան Վիեննան մեղադրած է աւստրիաբնակ թուրքերուն նկատմամբ անյարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելու համար։
Թուրք դեսպանը աւստրիական թերթի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Աւստրիոյ մէջ թուրքերուն հետ «ժահրի մը նման» կը վարուին:
«Եթէ համարկման քաղաքականութեան մէջ գոյութիւն ունին թերութիւններ, ատոր ամբողջ պատասխանատուութիւնը Աւստրիան կը կրէ։ Դուք թուրքերը կը բնակեցնէք միեւնոյն թաղամասերուն մէջ՝ ստեղծելով կեթոներ։ Աւստրիական ընտանիքները չեն փափաքիր իրենց զաւակները ուղարկել այն դպրոցները, ուր փոքրամասնութեանց երեխաները կը յաճախեն։ Այսինքն՝ այստեղ թուրքերը անկիւն կը քշեն։ Սակայն թուրքերը երջանիկ են, անոնք ձեզմէ ոչինչ կը պահանջեն», յայտարարած է թուրք դիւանագէտը։
Թուրք դիւանագէտը իր հարցազրոյցին մէջ կոշտ քննադատութեան ենթարկած էր նաեւ Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարար Մարիա Ֆեքթերը: «Աւստրիոյ ներքին գործոց նախարարը այնպիսի քաղաքականութիւն կը վարէ, որ բացարձակապէս չի համընկնիր ազատական ուղղուածութիւն ունեցող Ժողովրդավարական կուսակցութեան սկզբունքներուն», ըսած է դեսպանը, որ այս յայտարարութիւններէն ետք կանչուած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն։
Թուրք դեսպանի վերոնշեալ յայտարարութիւններուն հակազդած են Աւստրիոյ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները։
Աւստրիոյ վարչապետ Վերներ Ֆայման յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ դեսպանի խօսքերը հեռու են արհեստավարժութենէն, եւ ընդգծած, որ ատիկա հետեւանքներ պիտի ունենայ։
«Դեսպան Թեզջանի նմանօրինակ յայտարարութիւնները վնաս կը հասցնեն երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն», յայտարարած է վարչապետը, իսկ ներքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ անընդունելի է, երբ երկիրի մը դեսպանը կը փորձէ նման ձեւով միջամտել երկրի մը ներքին գործերուն։
Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Շփինտելեկեր հեռաձայնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուին, եւ բացատրութիւն պահանջած տեղի ունեցածին համար։
Շփենտելեկերի գրասենեակին հա- մաձայն, Տաւութօղլու ըսած է, որ ինք անտեղեակ է դէպքէն եւ նշած է, թէ դեսպան Թեզջանը այդ յայտարարութիւնը կատարած է առանց Անգարայի հաւանութիւնը ստանալու։