
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11ին, ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անտրէյ Քասփըրչիք իրենց տարեկան զեկոյցը ներկայացուցին Վիեննա հաստատուած ԵԱՀԿի մնայուն խորհուրդին:
Քասփըրչիք նշած է, թէ շփման գօտիին վրայ կացութիւնը կայուն, սակայն լարուած կը մնայ Նոյեմբեր 2009էն ի վեր, միաժամանակ դրական համարելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն կողմէ Աստրախանի մէջ կատարուած վերջին յայտարարութիւնը:
Իրենց կարգին, ամերիկացի, ֆրանսացի եւ ռուս համանախագահները զեկուցումներ փոխանցած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու նպատակով՝ վերջին մէկ տարուան ընթացքին իրենց ունեցած հանդիպումներուն մասին:
Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնները, որոնք ներկայացուցած են իրենց դիրքորոշումները:
Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները կրկնած են, թէ տագնապը պէտք է լուծուի շրջանի հայ եւ ատրպէյճանցի բնակիչներուն իրաւունքները եւ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը նկատի ունենալով: Ըստ անոնց, հայկական ուժերը պէտք է հեռանան «գրաւեալ տարածքներ»էն ու գաղթականները պէտք է վերադառնան իրենց տուները: