ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատ Արցախ».- ԼՂՀի մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Միշել Տանկրեզ յայտնած է, թէ հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղը կը նախատեսէ Շուշի քաղաքին մէջ բանալ արհեստագործական ուսումնարան մը։ Նախնական հաշուարկներով, մինչեւ 2012 Սեպտեմբեր, ուսումնարանի կառուցման առնչուող խնդիրները պիտի ստանան իրենց լուծումը։ Ներկայացուցիչը նաեւ յայտնած է, թէ այդ ուսումնական հաստատութիւնը անհրաժեշտ է երիտասարդ հանրապետութեան համար։
«Այսօր արցախեան շինարարական հարթակներուն վրայ կ՛աշխատին գլխաւորապէս Հայաստանի շինարարներ։ Մինչդեռ բնագաւառին մէջ, շատ կը զգացուի տեղի մասնագէտներուն կարիքը, հետեւաբար, յատկապէս կարեւոր կը համարուի նման մասնագէտներու պատրաստման խնդիրը», ըսած է Մ. Տանկրեզ։
Անոր խօսքով, ապագայ հաստատութեան մէջ ուսումնական գործընթացը պէտք է դրուի պատշաճ հիմքերու վրայ։ Երկու միլիոն եուրօ գումարի շուրջ արդէն ձեռք բերուած է պայմանաւորուածութիւն՝ ուսումնարանի կառուցման եւ ուսումնական գործընթացի կազմակերպման հետ կապուած հարցերու լուծման համար։ Հիմնադրամի ֆրանսական մասնաճիւղը ԼՂՀի մէջ սերտօրէն կը համագործակցի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ, ու նիւթական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ գլխաւորապէս կրթութեան բնագաւառի ծրագիրներուն։ Ընթացիկ տարուան ընթացքին դպրոցներ բացուած են Բերդաշէնի, Նոր Շէնի, Մաճկալաշէնի մէջ, նաեւ մանկապարտէզներ բացուած են Ստեփանակերտի, Մարտունիի, Ճարտարի եւ Հադրութի մէջ։
Հիմնադրամի սոյն մասնաճիւղը կ՛իրականացնէ նաեւ ջրամատակարարման բարելաւման հետ կապուած ծրագիրներ՝ Ղարաբաղի տարբեր շրջաններու մէջ։ Կը նախատեսուի խմելու ջուրի մատակարարման աշխատանքներու ծաւալում Ասկերանի եւ Հադրութի շարք մը գիւղերուն մէջ։ Հադրութի չորս գիւղերու ջրամատակարարման ծախսերուն յիսուն տոկոսը ստանձնած է հիմնադրամի ֆրանսական մասնաճիւղը, իսկ մնացեալ յիսուն տոկոսը՝ ԼՂՀ կառավարութիւնը։
Մ. Տանկրեզ նաեւ յայտնած է, որ համահայկական դրամահաւաքէն կ՛ակնկալեն շուրջ մէկ միլիոն եուրօ, որուն 550 հազարը պիտի տրամադրուի Արցախի, իսկ 450 հազարը՝ Հայաստանի հանրապետութեան։ Միշել Տանկրեզ յոյս ունի, որ Արցախ կ՛արժանանայ նաեւ միջազգային ճանաչման։ Նշենք, որ ան բնակութիւն հաստատած է Արցախի հանրապետութեան մէջ։