ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մոսկուայի նոր քաղաքապետ Սերգէյ Սոպեանին, հրահանգած է քանդել մոսկովեան փողոցներու երկայնքով եւ «մեթրօ»ի կայարաններու մերձակայքը տեղադրուած առեւտուրի եւ ուտելիքի փոքր կէտերը: Ըստ ռուսական «ՌԻԱ-Նովոստի» թերթին, շուրջ 10 հազար կէտեր զոհ գացած են սոյն որոշումին. անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կ՛աշխատէին միջին հաշուով 2-4 անձեր, այսինքն քանի մը տասնեակ հազար մարդ ժամանակաւորապէս կամ մշտական գործազուրկներ կը դառնան:
Սոյն առեւտուրի կէտերուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն հայերը: Ըստ նախնական տուեալներու, արդէն իսկ հազարէն աւելի հայեր զրկուած են իրենց աշխատատեղերէն ու գործարկներէն: Դարձեալ ըստ «ՌԻԱ-Նովոստի»ի, այն յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Սոբեանինի քայլերը ուղղուած են Մոսկուայի «եկուորներ»ուն դէմ, այնքան ալ իրականութեան չեն համապատասխաներ: Օրինակի համար, փակուած են արագ ուտելիքի շատ յայտնի «Կրոշկա-Կարտոշկա»ի 70 կրպակներ: Նոյն ճակատագիրը ունեցած են նաեւ յայտնի «Սթարտորս» ցանցի 60 կրպակները:
Առեւտուրի կէտերու քանդումը Մոսկուայի մէջ սկսաւ, երբ քաղաքապետ Ս. Սոբեանին խորհրդակցութեան նպատակով այցելեց «մեթրօ»ի «1905 փողոց» կայարան: Քաղաքապետը զայրացած էր, որ «մեթրօ»ի կայարանի մօտակայը չափէն աւելի փոքր կրպակներ կան, որոնք կը խանգարեն անցորդներուն եւ «թրանսփորթ»ի երթեւեկը, իսկ 1905ի ապստամբութեան հերոսներու արձանը տաղաւարներու պատճառով նոյնիսկ տեսանելի չէ: