ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Ամերիկահայ թենիսի վարպետ Անտրէ Աղասիի «Կրենտ Սլեմ ֆոր չիլտըրն» կազմակերպութեան անցեալ ամիս տեղի ունեցած տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին, Աղասի ելոյթ ունենալով՝ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է ձեռնարկին ներկայ եղած բարերար Գըրգ Գրգորեանին, որ տասնամեակներ առաջ ոչ միայն գործի կարելիութիւն շնորհած է իր հօր՝ Էմանուէլ «Մայք» Աղասիին, այլ նաեւ անձայն կերպով, անոր նիւթապէս օժանդակած է, երբ ան սրտի կաթուած ունեցած է: «Միշտ երախտապարտ պիտի մնամ», արցունքոտ աչքերով ըսած է Աղասի՝ խօսքը ուղղելով 93ամեայ բարերարին, աւելցնելով, որ Գրգորեանի շնորհիւ իր ընտանեկան սեղանին վրայ «հաց դրուած է»: Յայտնենք, թէ ձեռնարկին ներկայ եղած է նաեւ կատակաբան Պիլ Քոզպի, եւ ընթացքին հաւաքուած է 8.5 միլիոն տոլար, որ պիտի յատկացուի Աղասիի կրթական ծրագիրներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.