ՖՐԵԶՆՕ.- Դոկտ. Մեթիու Ճենտեան վերջերս մեծարուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին կողմէ, տասնամեակ մը առաջ հոն դաստիարակչական նոր ծրագիր մը հաստատելուն տասնամեակին առիթով: Արդարեւ, Ճենտեան եղած է համալսարանին մէջ դաստիարակչութեան ֆիզիքական, մտային ու հոգեկան երեսներուն նոյնքան կարեւոր համարող «Humanics» ճիւղին հիմնադիր վարիչը, ու միժամանակ՝ համալսարանին ընկերաբանութեան բաժանմունիքն վարիչը:
Ֆրեզնօ ծնած ու հասակ նետած Ճենտեան վկայականներ ունի նաեւ իմաստասիրութեան ու հայագիտութեան ճիւղերուն մէջ: