
Այս տարի իր հարիւրամեակը բոլորած Հայ Օգնութեան միութեան կեդրոնական վարչութիւնը, դարադարձի նշումի եզրափակիչ հանդիսութիւնները կազմակերպեց Հոկտեմբեր 2010ին, Սուրիոյ մէջ սկսած հանդիսութիւններու շարքով մը, որոնք շարունակուեցան Հայաստանի մէջ։ Հոկտեմբեր 6ին Սուրիոյ մէջ սկսած ձեռնարկները նոյն ամսուան 12էն սկսեալ եւ մէկ շաբթուան տեւողութեամբ շարունակուեցան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրերայաջորդ ձեռնարկներով, որոնք կազմակերպուած էին ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ինչպէս նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին, ՀՕՄի Հայաստանի եւ Արցախի միաւորներուն կողմէ։
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՍԵՄԻՆԱՐ, ՏԷՐ ԶՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Աշխարհի տարբեր երկիրներէ Սուրիա ժամանած ՀՕՄի աւելի քան 150 ընկերուհիներ, Հոկտեմբեր 6ի երեկոյեան հաւաքուեցան Հալէպի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնէն ներս, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան մասնակցելու եւ ծանօթանալու թէ՛ իրարու, թէ յառաջիկայ մի քանի օրերու ձեռնարկներու մանրամասնութիւններուն։
Յաջորդ օրը, 7 Հոկտեմբերին, ՀՕՄը վերադարձ մը կատարեց դէպի հոն, ուրկէ վերընձիւղուած էր հայութիւնը, ուր անիկա ապրած էր ամէնէն ահաւորը, սակայն վճռած էր շարունակել ու գոյատեւել: Հայութեան գոյատեւման փաստը անգամ մը եւս ամրապնդելու լաւագոյն դրսեւորումներէն եղաւ տարբեր երկիրներէ ժամանած ՀՕՄականներու Տէր Զօր այցելութիւնը, որոնք Ս. Նահատակաց մատրան մուտքին ընդունուեցան Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի կողմէ։ Ս. Պատարագի աւարտին ներկաներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ առաջնորդ հայրը ողջունեց Տէր Զօր տրուած այցելութիւնը եւ հայութեան գոյատեւման երթին մէջ յատկանշական նկատեց ՀՕՄի դերակատարութիւնն ու ներդրումը, որ ո՛չ միայն ապրեցաւ ու գործեց, այլ ապրեցուց եւ հայութեան գոյատեւման երաշխիքներէն մէկը հանդիսացաւ:
Ապա խօսք առաւ ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեան, որ յայտնեց, թէ Տէր Զօրի մէջ միութեան 100ամեակի նշումը աւելի խոր իմաստ կը զգենու, որովհետեւ այս այն վայրն է, ուր իբրեւ ժողովուրդ անգամ մը եւս վստահութիւն ձեռք ձգեցինք եւ գիտակցեցանք, որ մարդկութիւնը միայն թրքական ոճրագործութիւն չէ, այլ նաեւ արաբական ասպնջականութիւն եւ տառապեալ ժողովուրդին երկարած օգնութեան ձեռք:
Ապա տեղի ունեցաւ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ իր զաւկին այբուբեն ուսուցանող հայ մայրն ու անոր զաւակը խորհրդանշող քանդակին դիմաց անշէջ կանթեղի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք ՀՕՄականները շրջեցան թանգարանին մէջ, ապա ուղղուեցան Եփրատ՝ որուն մէջ ծաղիկներ նետուեցան՝ հոն հանգչող հազարաւոր հայերու յիշատակին:
Յաջորդող երկու օրերուն՝ Ուրբաթ, 8 եւ Շաբաթ, 9 Հոկտեմբերին, ՀՕՄականները հետեւեցան ՍՕԽի կազմակերպած ձեռնարկներու շարքին եւ այցելեցին Հալէպի հայկական կառոյցներ եւ տեսարժան վայրեր՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցի, «Զարեհեան» գանձատուն, Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան, ՍՕԽի ընկերաբժշկական կեդրոն, Ազգային պատսպարան, Հալէպի բերդ եւ հին քաղաքի նշանաւոր փակ շուկան: Անոնք նաեւ մասնակցեցան սեմինարի մը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ եւ իբրեւ առանցք ունեցաւ «ՀՕՄը ինչպէ՞ս պէտք է պատրաստուի յառաջիկայ տարիներու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար» թեման։ Սեմինարի գլխաւոր բանախօսն էր Լիբանանի Ս. Յովսէփ եւ Սաժես համալսարաններու դասախօս դոկտ. Հիլտա Պայրամեանը։
Այս այցելութիւններու եւ սեմինարի կողքին, Սուրիահայ Օգնութեան խաչը ՀՕՄականներուն համար կազմակերպած էր խրախճանք, ինչպէս նաեւ դէպի Քեսապ շրջապտոյտ մը, ուր անոնք առիթ ունեցան այցելելու հայկական այս աւանի ազգային կառոյցները, տեսարժան վայրերը եւ մէկ գիշեր այնտեղ մնալէ ետք վերադարձան Հալէպ, ուրկէ ուղղուեցան դէպի Հայաստան։
Սուրիոյ մէջ ՀՕՄի Հարիւրամեակին առիթով կազմակերպուած այս ձեռնարկներու օրերուն, ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան անդամներն ու տարբեր շրջաններ ներկայացնող ընկերուհիներ ընդունուեցան Սուրիոյ առաջին տիկնոջ՝ Ասմա Ասատին կողմէ։ Պաշտօնական, սակայն մտերմիկ մթնոլորտի մէջ անցած այս հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան կնոջ հզօրացման ու հասարակութեան մէջ դերակատարութեան բարձրացման անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ որեւէ հաւաքականութեան ապագան՝ երեխաներու հոգեմտաւոր ու ֆիզիքական զարգացման անհրաժեշտութեան վերաբերող խնդիրներ, կարիքաւորներու վիճակի բարելաւման հարցերը ու այս ուղղութեամբ ՀՕՄի այլազան նախաձեռնութիւնները։ Առաջին տիկինը բարձր գնահատեց հայութեան դերն ու ներդրումը Սուրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական կազմակերպութիւններու ճամբով, հայութեան կապուածութիւնը Հայաստանին։ Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ Համահայկական Ֆոնտի գաղափարը այնքան դրական կը նկատէ, որ կը փափաքի նոյն օրինակով նախաձեռնութեան մը դիմել սուրիական սփիւռքը ի մի բերելու համար։