ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամը Նոյեմբեր 12ին համաձայնութեան հասաւ անգլիական AECOM խորհրդատուական ընկերութեան հետ, զբօսաշրջութեան Հարաւային միջանցքի զարգացման ռազմավարութիւնը մշակելու հարցով. անիկա կը ներառէ Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերը: Միջանցքը սկիզբ կ՛առնէ Նորավանքէն եւ հարեւան Արենի գիւղէն՝ շարունակուելով դէպի Հայաստանի հարաւային քարանձաւներ՝ ներառեալ æերմուկ քաղաքը եւ Քարահունջի հին աստղադիտարանը, Տաթեւն ու Որոտանի կիրճը: Այնուհետեւ միջանցքը ճանապարհ կը բանայ դէպի Գորիս, Կապան եւ Մեղրի:
Կը նախատեսուի, որ այս զբօսաշրջավայրերը զարգացնելու եւ խթանելու իբրեւ արդիւնք, հնարաւոր ըլլայ դէպի Հայաստանի հարաւ 4-6 ժամ տեւող ուղեւորութիւնը վերածել չորսօրեայ հետաքրքրական ճանապարհորդութեան:
Ըստ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Բեկոր Փափազեանի, անգլիական ընկերութիւնը ռազմավարութեան մշակման աշխատանքները կ՛իրականացնէ 80 հազար ֆունտ սթերլինկով:
AECOM ընկերութեան տնտեսական բաժինի տնօրէն Բեն Մարտին լրագրողներուն յայտնեց, թէ Հարաւային միջանցքը ունի 2 կարեւոր բաղադրիչ՝ հարուստ պատմութիւն եւ գեղեցիկ բնութիւն: Անոնց վրայ կը հիմնուի զբօսաշրջային գրաւչութեան ստեղծումը, սակայն նախ եւ առաջ հարկաւոր է պահպանել այդ արժէքները: Բ. Փափազեան նոյնպէս համոզուած է, որ անկանոն զարգացումը կրնայ լրջօրէն վնասել Հարաւային զբօսաշրջութեան:
Վերոնշեալ ռազմավարութիւնը պատրաստ կ՛ըլլայ տարեվերջին կամ յաջորդ տարուան սկիզբը:
Նշենք, որ AECOM-ը աշխարհի խորհրդատուական մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկն է։ Անիկա ունի մօտ 51 հազար աշխատակից, եւ 2010ին ապահոված է 6.5 միլիառ տոլարի եկամուտ: