ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) կոչ կ՛ընէ Միութեան անդամներուն, բարեկամներուն եւ հանրութեան, իրենց նուիրատուութիւնը կատարելու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Ջուրը կեանք է» հեռուստամարաթոնին, որ տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ, Նոյեմբեր 25ին՝ Գոհաբանութեան օրը: Յայտարարութեան մէջ նշուած է.
«Աւելի քան մէկ տասնամեակ այս հեռուստամարաթոնը հսկայական դեր ունեցած է Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի հայութիւնը միաւորելու գործին մէջ:
«Ձեր այս տարուան հանգանակութիւնները կ՛ուղղուին Արցախի ջրային ենթակառուցուածքներու վերականգնման եւ խմելու ջուրի համակարգին, որ կը նպաստէ այդ շրջաններուն մէջ արցախցիներու կենսամակարդակի բարձրացման: Ներկայիս Արցախի մօտ 200 գիւղեր զրկուած են խմելու ջուրէ:
«Հեռուստամարաթոնը միաժամանակ կը շարունակէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի գիւղական համայնքներու զարգացման ծրագիրին, որմէ արդէն իսկ օգտուած են Հայաստանի եւ Արցախի սահմանամերձ աւելի քան 20 գիւղական համայնքներ:
«Անկախութեան համար պայքարի առաջին իսկ օրերէն, ՀԲԸՄը աջակցած է Արցախի քաղաքացիներուն շարունակական ճնշումներու դէմ եւ ինքնորոշման իրաւունքի համար մղուող պայքարին մէջ:
«Ձեր ներդրումը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հեռուստամարաթոնին կը շարունակէ արցախցիներուն աջակցելու աւանդոյթը՝ երաշխաւորելով բարեկեցիկ կեանք եւ պայծառ ապագայ Արցախի ժողովուրդին համար:
«18 տարի առաջ իր ստեղծումէն ի վեր, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը աւելի քան 200 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրներ իրականցուցած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Կառուցած եւ վերակառուցած է աւելի քան 470 քլմ. երկարութեամբ ճանապարհ, 212 քլմ. երկարութեամբ ջրագիծ ու ջրատար, 144 քլմ. կազատար, շուրջ 218 դպրոց եւ մանկապարտէզ, հարիւրաւոր բնակելի կառոյցներ, առողջապահական հիմնարկներ, մշակութային կեդրոններ՝ ի շահ հայ ժողովուրդին»: