ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Նոյեմբեր 13ին ընդունած է Հայաստանի Ազգային արխիւի գործադիր տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Արցախ ժամանած է ԼՂՀ Պետական արխիւի 80ամեայ յոբելեանի տօնակատարութեան ներկայ գտ-նուելու համար։
Տեղի ունեցած է հանգամանալի զրոյց մը, որուն ընթացքին կողմերը կարեւոր համարած են արխիւային գործի նշանակութիւնն ու ոլորտի արդիականացման անհրաժեշտութիւնը: Նշուած են ՀՀ եւ ԼՂՀ արխիւային երկու հաստատութիւններուն միջեւ համագործակցութեան առկայ ձեռքբերումները, հետագայ զարգացման ուղիները եւ միջոցները։
Հանդիպման ներկայ եղած են ԼՂՀ արդարադատութեան նախարար Նարինէ Նարիմանեան եւ ԼՂՀ Պետական արխիւի գործադիր տնօրէն, ԱԺ պատգամաւոր Վարդգէս Ուլուբաբեան։