ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանցի «քրոսմայսթըր» Լեւոն Արոնեան, Մոսկուայի մէջ աւարտած Միխայիլ Տալի ճատրակի աւանդական միջազգային յուշամրցաշարի աւարտին, 9րդ փուլին ուքրանացի Պաւել Էլեանովի հետ խաղալով՝ վաստակած է 5.5 միաւոր եւ կիսած 1-3րդ տեղերը ռուս Սերկէյ Գարեակինի ու ատրպէյճանցի Շահրիյար Մամետեարովի հետ: Ան, սակայն, շրջանցած է զանոնք՝ իր ունեցած աւելի բարձր վարկանիշին շնորհիւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.