ՍԻԼԻՍԹՐԱ, «Նիուզ».- Նոյեմբեր 10ին, Պուլկարիոյ Սիլիսթրա քաղաքի քաղաքապետարանին օժանդակութեամբ եւ հայ համայնքին նախաձեռնութեամբ, սկսան Պուլկարիոյ մէջ գործող հայկական ամենահին՝ Սիլիսթրայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ 390րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութիւնները:
Նոյն օրը քաղաքի պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած է արեւելագէտ, լրագրող եւ լուսանկարիչ, հայերու մեծ բարեկամ Իւլիան Անքելովի՝ «Հայերու առօրեան եւ տօները» խորագրեալ լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որուն բացման ներկայ եղած են Սիլիսթրայի քաղաքապետ Ալեքսանդր Սապանով, համայնքային խորհուրդի նախագահի տեղակալ Նելլի Սթոյլովա, Պուլկարիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութեան խորհրդական Յասմիկ Դաշտոյեան, ինչպէս նաեւ պուլկարահայեր, համայնքային խորհուրդի, մշակութային ու ստեղծագործական միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Յաջորդ օրը, քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած է դեսպանութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Սիլիսթրայի քաղաքապետին հետ. ընթացքին քննարկուած են Սիլիսթրա եւ Հրազդան քաղաքներու համագործակցութեան աշխուժացման հեռանկարները. կարեւոր համարուած է երկու համայնքներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու միջեւ փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը, համայնքներու ներուժին ծանօթանալու եւ գործնական ծրագիրներ մշակելու նպատակով: Այս առումով, Սիլիսթրայի քաղաքապետ Ալեքսանդր Սապանով պատրաստակամութիւն յայտնած է 2011ին Հրազդանի մարզ այցելելու ուղղութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.