ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Մարկրիթ ու Տէյվիտ Մկրուպեաններու հիւրընկալութեամբ, Նոյեմբեր 6ին տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն ընթացքին հարաւային Քալիֆորնիոյ հայութեան ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ տրուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան ուսուցման համար աշխատանք տանող Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրին մասին:
Ելոյթ ունեցողներու շարքին էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, որ շեշտեց, թէ այս իւրայատուկ ծրագիրը կը լեցնէ նահանգին կրթական համակարգին մէջ մնացած բացութիւն մը, որուն հետեւանքով, մինչեւ այսօր, նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի կարգ մը անդամներ տեղեկութիւն չունին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Ան շեշտցեց, թէ պետական վարժարաններու մէջ Հայկական Ցեղասպանութիւն դասաւանդելով եւ ուսուցիչներու համար յատուկ աշխատանիստեր կազմակերպելով՝ այս կազմակերպութիւնը կարեւոր նախաքայլը առած է աշխատանքի մը, որուն եզրակացութիւնը պէտք է ըլլայ հասնիլ տեղ մը, ուր Հայկական Ցեղասպանութեան մասին հանրութիւնը պէտք է այնքա՛ն տեղեկութիւն ունենայ, որքան ներկայիս ունի հրէական ողջակիզման մասին:
Իր կարգին, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի վարչութեան անդամ Յարութ Սասունեան աւելցուց, թէ ծրագիրը փոքրաթիւ անդամներու շնորհիւ, կարեւոր իրագործումներ արձանագրած է, ու շեշտեց, թէ Ցեղասպանութիւնը աշակերտութեան ծանօթացնելով՝ ան առիթը կ՛ընծայէ իրականութեան ծանօթ նոր սերունդի մը կազմաւորման: Ան կոչ ըրաւ ամերիկահայութեան, որ նեցուկ կանգնի այս ծրագիրին, վստահեցնելով, որ անոր տրամադրուող իւրաքանչիւր տոլար միլիոնով կը բազմապատկուի, շնորհիւ ձեռք բերուած արդիւնքին:
Աւելի քան 80 ներկաներուն, հիւրընկալ Մարկրիթ Մկրուպեան եւս իր անձնական փորձառութենէն վկայութիւն մը տուաւ ծրագիրի արհեստավարժ սպասարկութեանց մասին, իսկ վարչութեան անդամներէն Ռաքսեն Մաքասճեան խօսեցաւ ծրագիրի ծննդոցին մասին եւ աւելցուց, թէ ներկայիս Քալիֆորնիոյ եւ 10 այլ նահանգներու մէջ պետական վարժարաններէ ներս Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դասաւանդութիւններ տեղի պիտի ունենան:
Վերջապէս, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի վարիչ Ռաֆֆի Մոմճեան խօսեցաւ ծրագիրի ամէնօրեայ աշխատանքին մասին եւ յայտնեց, թէ կազմակերպութեան համացանցային կայքէն (LearnGenocide.com) ամէն ամիս, միջին հաշիւով 15 ուսուցիչներ Ցեղասպանութեան ուսուցման ուղեցոյց կը ստանան, աւելցնելով, որ 47 նահանգներէ ու 25 տարբեր երկիրներէ վարժարաններ կ՛օգտագործեն ծրագիրի դասաւանդման ուղեցոյցը, որուն համացանցային տարբերակը ծանօթ է «Nicoles Journey» անունով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.