ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ ԵԽԽՎի մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանի, ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի հարցով համազեկուցող Ճոն Փրեսքոթ, համակարգող յանձնաժողովի նիստին ընթացքին անդրադարձած է 2008ի Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններէն ի վեր բանտարկութեան տակ գտնուող ընդդիմադիր գործիչները ազատ արձակելու խնդիրին: Ան յայտարարած է, թէ Հայաստան կատարելիք իր յառաջիկայ այցելութեան ընթացքին պիտի շարունակէ զբաղիլ այդ հարցով։
Դ. Յարութիւնեանի հաւաստումով, Փրեսքոթ Հայաստան պիտի ժամանէ յաջորդ տարեսկիզբին, իրականացնելու համար համակարգումի հերթական այցելութիւնը: Խօսելով բանտերու մէջ գտնուող ընդդիմադիր գործիչներուն հանդէպ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ առնուելիք քայլերուն մասին՝ Դ. Յարութիւնեան յայտնեց. «Պարզ է մի բան, որ այս փուլում գոյութիւն ունեն մի քանի եղանակներ, եւ դրանցից մէկը հաւանաբար պէտք է գործադրուի. մէկը՝ պայմանական վաղաժամկէտ ազատումն է, միւսը՝ ներումն է կամ համաներումը, իսկ միւսը՝ պատժի կրումը: Այս չորս եղանակներն են, որ նախատեսուած են մեր օրէնսդրութեամբ: Համաներումը հանրապետութեան նախագահի իրաւասութեան ներքոյ է, ներումը՝ նոյնպէս, բայց այս դէպքում, անձը պէտք է դիմի դրա համար: Ինչ վերաբերում է պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակմանը, ապա դա սովորական գործընթաց է, որն իրականացւում է, եւ կային անձինք, որոնք վերջերս ազատուել են»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.