ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը միակ հայկական համալսարանն է սփիւռքի տարածքին, որ վերջին 55 տարիներու ընթացքին բարձրագոյն ուսում ջամբած է ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներէն դիմող հայ ուսանողներու, այլ նաեւ արաբ եւ օտար դպրոցական աշակերտներու։ Անոնք հաւասարապէս օգտուած են այս հաստատութեան ընձեռած մտային ու հոգեւոր դաստիարակութենէն։
Հայկազեան համալսարանի հիմնադրութեան շքեղ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 12 Նոյեմբեր 2010ի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Հիլթըն պանդոկի ընդարձակ ու զարդարուած հիւրասրահին մէջ՝ աւելի քան 400 հանդիսականներու մասնակցութեամբ։ Ներկաներուն մէջ կային մեծ թիւով անձնաւորութիւններ որոնք եկած էին հեռաւոր Պէյրութէն, Գանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն։
Իսկապէս բացառիկ եւ ուրախալի երեւոյթ մըն էր համալսարանին Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի կողքին տեսնել հաստատութեան հիմնադիր նախագահ վեր. դոկտ. Ճան Մարգարեանը, եւ անոր յաջորդող երկու նախագահները, յանձինս վեր. դոկտ. Ժիլպէր Պիլէզիկեանի եւ վեր. դոկտ. Ճան Խանճեանի որոնք դժուարին պայմաններու ներքեւ, ու մեծ նուիրումով ծառայեցին այս համալսարանին՝ նախանձելի վիճակի մը հասցնելով զայն։
Հանդիսականներուն մէջ ակնբախ էր ներկայութիւնըÿ շրջանիս մէջ ծառայող հայ երեք յարանուանութեանց կրօնական առաջնորդներուն, քաղաքական երեք կուսակցութեանց ղեկավարներուն, հայ թէ օտար մամուլի ներկայացուցիչներուն, Լիբանանի հայ գաղութին ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Հայկազեանի շրջանաւարտներուն ու անոնց բարեկամներուն։ Ասոնցմէ շատերը եկած էին հեռաւոր վայրերէ, որպէսզի մասնակցէին տարեդարձի այս բացառիկ հանդիսութեան, ու վերյիշէին իրենց համալսարանական տարիները Հայկազեանի այն օրերու համեստ շէնքը, ուսուցչական մարմինը եւ դասընկերները։
Յիշատակելի այս հանդիսութիւնը պատուած էին իրենց ներկայութեամբ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս՝ Գրիգոր Յովհաննէսեանը որ ուսանած էր Հայկազեանի մէջ, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանն ու այլ երեւելի անձնաւորութիւններ, որոնք կը ներկայացնէին գաղութիս զանազան կազմակերպութիւնները։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Կազմապերպիչ յանձնախումբի համա-ատենապետ Ռաֆֆի Քէնտիրճեանի բարի գալուստի խօսքով։ Ան կոչ ուղղեց Հայկազեանի ամերիկաբնակ բոլոր շրջանաւարտներուն, որ կազմակերպեն շրջանաւարտից միութիւն մը՝ սատարելու համալսարանին բարգաւաճման։ Ապա ան հրաւիրեց հանդիսականները յոտնկայս ունկնդրելու Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային քայլերգները՝ կատարողութեամբ Րաֆֆի Քերպապեանի ու դաշնակի ընկերակցութեամբ Եսթեր Ասիլեանի։
Բացման աղօթքը մատուցանեց Հայկազեանի նախկին նախագահներէն վեր. Ժիլպէր Պիլէզիկեան։ Ապա հրաւիրուեցաւ Լեւոն Ֆիլեանը՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարիչ քարտուղարը, իբրեւ հանդիսավար։ Ֆիլեան նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց որ մեծ թիւով հանդիսականներ ներկայ էին այս աննախընթաց տօնակատարութեան։ Հաղորդելէ ետք Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան ողջոյները, Ֆիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք ջանք չէին խնայած ծրագրելու այս բացառիկ հանդիսութիւնը։
Գեղարուեստական ընտիր յայտագրով մը հանդէս եկաւ գաղութիս սիրուած ու գնահատանքի արժանացած «Էլըմընթ» Նուագախումբը, որ ներկայացուց երաժշտական բարձրորակ յայտագիր մը՝ մեծապէս խանդավառելով բոլոր հանդիսականները։
Ճաշի սպասարկութենէն ետք խօսք տրուեցաւ Հայկազեանի նախագահին՝ դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանին։ Հակիրճ անդրադարձ մը կատարելէ ետք համալսարանին իրագործումներուն ու յառաջխաղացքին, ան պարզեց այս հանդիսութեան ետին կեցող նպատակներէն մէկը՝ հաստատումը հիմնադրամի մը՝ յօգուտ համալսարանի ուսումնական ծրագիրներու իրագործման։ Ան իր սրտաբուխ շնորհակալութիւնը յայտնեց այս հաստատութեան վաղեմի, ու նաեւ ներկայ բարերարներուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ժրաջան օժանդակ մարմիններուն, որոնք անսակարկ ու բոլորանուէր կերպով նեցուկ կը կանգնին Համալսարանին:
Ապա հանդիսավար Լեւոն Ֆիլեանը բեմ հրաւիրեց օրուայ գլխաւոր բանախօս դոկտ. Մանուկ Մանուկեանը։ Ան ձեռնհասօրէն ծառայած է Հայկազեան համալսարանին իբրեւ դասախօս գիտական նիւթերու։ Արդարեւ, իր նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով Հայկազեանի գիտական կաճառը յաջողեցաւ հռթիրներ երկինք արձակել Տըպպայայի բարձունքէն՝ հիացում առթելով լիբանանեան մամուլին ու հանրութեան։ Յիշատակութեան արժանի է նշել որ դոկտ. Մանուկեանի ջանքերով հաստատուած է Հայագիտական ուսումնասիրութեանց կեդրոն մը՝ Հարաւային Ֆլորիտա համալսարանին մէջ, ուր ան գիտական նիւթերու դասախօս է 1968էն ի վեր։
55րդ տարեդարձի «կարկանդակի հատում»ին մասնակցեցան համալսարանին այժմու եւ նախկին նախագահները։ Հուսկ ապա հանդիսավար պրն. Ֆիլեան յայտարարեց օրուայ մեծագոյն անակնկալը՝ տէր եւ տիկին Ճօզէֆ եւ Ճօյս Սթայնի 55 հազար տոլարի իշխանական նուիրատութիւնը՝ ի խնդիր համալսարանի բարգաւաճման։
Իրենց սրտի խօսքը հաղորդեցին Հայ կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր հովիւը՝ Արմենակ վրդ. Պետրոսեան, Էջմիածնական թեմէն՝ Տաճատ ծ. վրդ. Եարտըմեան (ներկայացուցիչ՝ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի), Անթիլիասական թեմին առաջնորդ՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, եւ Հայ աւետարանական Եկեղեցիներու վարիչ քարտուղար վեր. Ճօզէֆ Մաթոսեան։
Հուսկ՝ համալսարանին բարերարներէն տիկին Ճօյս Փիլիպոսեան-Սթայն բեմ հրաւիրեց օրուան մեծարեալը՝ Հայկազեանի հիմնադիր նախագահ վեր. դոկտ. Ճան Մարգարեանը, պարգեւատրուելու Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ։ Մարգարեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ թարգման հանդիսացաւ ներկաներուն ուրախութեան զգացումներուն։ Ապա ան մաղթանքներ ըրաւ ի խնդիր Հայկազեանի յաջողութեան ու ապագայի նորանոր նուաճումներուն։
Այդ պահուն էր, որ հանդիսավար Լեւոն Ֆիլեան հրաւիրեց համալսարանի Լոս Անճելըսի Տիկնանց օժանդակ մարմնի անդամները, որ պարգեւատրուին՝ իրենց աւելի քան կէս դար անխոնջ ծառայութեան համար։
Հանդիսութեան փակման աղօթքը մատուցելու համար Համալսարանի նախկին նախագահներէն վեր. դոկտ. Ճան Խանճեան հրաւիրեց բոլոր հոգեւորականները որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը բերեն։ Հանդիսութիւնը իր աւարտը գտաւ գոհունակութեան եւ երախտագիտութեան ընդհանուր մթնոլորտի մէջ։