ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինըն».- Հայաստանի Ազգային գրադարանը տարբեր միջոցներով քարոզչութիւն կը տանի՝ մատաղ սերունդը գիրքին հետ կապելու համար:
Այդ նպատակով, Նոյեմբեր 19ին, Հայաստանի Ազգային գրադարանը իր Շրջիկ գրադարանով կ՛այցելէ Երեւանի թիւ 99 նախապատրաստական ուսումնական հաստատութիւնը: Շրջիկ գրադարանին շնորհիւ, մանուկները կը ծանօթանան հայ եւ օտար մանկագիրներու գիրքերուն:
Մանկապարտէզին մէջ մանուկներու հետ հանդիպման կը մասնակցին նաեւ մանկագիրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.