Հաւանաբար չես պատկերացներ, թէ ամէնօրեայ սովորութիւններովդ կրնաս շատ դիւրին ու պարզ ձեւերով, երեխային ուղեղին աշխատանքը զարգացնել:
Երեխային ուղեղը ծնած ատեն իր մէջ կը պարունակէ 100 միլիառ (billion) նիւրոններ: Ան իր կեանքի առաջին տարիներու ընթացքին եռիլիոնով ուղեղային բջիջներու կապեր պիտի հաստատէ, որոնք կը կոչուին neural synapses.
Ուղեղի հիւսուածքներուն եւ աշխատանքին գաղտնիքը զայն զբաղ պահելու մէջ կը կայանայ: Այն synapse-ները որոնք կապուած չեն իրար հետ եւ միասնաբար աճած ու զարգացուած չեն, նախադպրոցական տարիներուն կը կորսուին: Հոս հարկ է նաեւ շեշտել թէ երեխաներուն ուղեղները աւելի շատ այս կապերով հարուստ են քան չափահասներունը: Այսպէս կը բացատրուի անոնց լեզու սորվելու կարողութիւնը:
Երբ ձեր երեխային սէր եւ գուրգուրանք կը ցուցաբերէք, ինչպէս նաեւ անոր հետ խօսելով կը բացատրէք ձեր պահանջքներն ու գորովը, ինքնաբերաբար կը նպաստէք այդ կապերու սերտացման եւ ուռճացման, որոնց կարեւորութիւնը անբացատրելի է այս իմաստով: Այսպէս, շուտով ան պիտի սորվի լեզու, իմասութիւն եւ ծրագրաւորում:
Ուրեմն ի՞նչ ընենք, կամ ի՞նչ բաներով զբաղցնենք մեր երեխան.
1- Նախքան ծնունդը, առողջութեամբ մտահոգուեցէք: Յղութեան շրջանին առողջ մնացէք եւ վանեցէք բոլոր յոռի սովորոյթները, որոնք կը վնասեն ձեր երեխային ուղեղին, իր սաղմնային վիճակին մէջ: Փաստուած է թէ ծխող մայրերուն զաւակները ընթերցանութեան տկարութիւն կ՛ունենան: Իսկ անոնք, որոնք թմրեցուցիչ կ՛օգտագործեն յղութեան միջոցին, անոնց երեխաները սորվելու եւ ըմբռնելու տկարութիւն կ՛ունենան, ինչպէս նաեւ անբացատրելի ու յանկարծակի յարձակողական դիրքորոշումներ:
2- Իմաստալից խօսակցութեան անհրաժեշտութիւնը. ձեր երեխային հետ խօսած միջոցին միայն ձայներ եւ ճիչեր մի արձակէք, այլ յստակ եւ ձայնի բարձր թոնով հաստատումներ կատարեցէք:
3- Խաղերու ժամանակ ձեռքերը օգտագործեցէք: Փոքրիկները աւելի շուտ կ՛ըմբռնեն այն խաղերն ու շարժումները, ուր ձեռքերը նաեւ մաս կը կազմեն այդ խաղին:
4- Մասնակից դարձէք անոր մատնացոյց ըրածներուն ու հետաքրքրութիւններուն: Երբէք մի անտեսէք անոր ցոյց տուածները, այլ ընդհակառակը ձեր կարգին նաեւ իր ուշադրութեան առարկան ձեր ուշադրութեան եւս յանձնեցէք ու զբաղեցէք անով:
5- Գիրքերու ծանօթացուցէք շատ կանուխ: Գունաւոր եւ պատկերազարդ գիրքերու օգնութեամբ զանազան ձայներ լսել տուէք ձեր երեխային, կենդանական աշխարհին ծանօթացնելով: Հիմնականը սկզբնական տարիներուն հասկացողութեան լեզուն զարգացնելն է, եւ ապա խօսելու լեզուն կը զարգանայ: Երեխան սկիզբը պիտի հասկնայ մեր ըսածները եւ ապա խօսելու փորձեր պիտի ընէ:
6- Շոյեցէք ու խօսեցէք անոր հետ: Փաստուած է թէ այն երեխաները, որոնք աւելի նուազ շոյուած ու փայփայուած են անոնց ուղեղները աւելի փոքր են իրենց տարեկիցներու ուղեղներէն: Երեխաներու մաքրութեան ժամանակը օգտագործեցէք զգացական վերելքի աճին համար: Մանաւանդ նկատի առէք, որ այդ միջոցին շատ մօտ կ՛ըլլաք ձեր փոքրիկին եւ անոր աչքերը ձեր վրան յարած կը մնան ու ամբողջ ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը ձեր վրան կ՛ըլլայ:
7- Սերտուած ու ուղեղային աշխատանքը զարգացնող խաղեր ընտրեցէք: Խաղեր որոնք պատճառ եւ արդիւնք ընբռնումը կը զարգացնեն: Փոքր խորանարդ մը մեծին վրայ դնելով երեխան կը սկսի գիտելիքներու միացման եւ ուղեղային այդ կապերու հաստատման:
———————————————————————————————–
Դուք Ձեզ Պատրաստեցէք Հաճելի Ժամեր Անցնելու
Լոգանքին Բարեբեր Ազդեցութիւնը
Լոգանքը, բացի մաքրութենէ, նաեւ կը մնայ այդ խաղաղ ովասիսը, ուր իւրաքանչիւրս իր հանգիստը կը գտնէ հոն: Այն այդ հանգիստ եւ խաղաղ տեղն է օրուան հեւքոտ վազքէն ետք: Անոր ազդեցութիւնը ճիշդ հրաշքի համազօր է. մինչ կը կարծէիր թէ կատարելապէս սպառած ես, լոգանքէն ետք թարմացած եւ ամբողջութիւնդ վերագտած կը զգաս: Այս բոլոր բարիքները վայելելու համար, յիշեցէք հետեւեալները նախքան ձեր լոգանքը.
Ոչ միայն հանգիստ եւ խաղաղութիւն կը ստանանք լոգանքով, այլ հիմնականին մէջ մաքրութիւն եւ բաւարար ջուրի կարիք եւ անշուշտ ասոնց զուգորդուող՝ առողջութիւն, որուն կարիքը ունի իւրաքանչիւր անձ: Անիկա նաեւ կը համարուի ձեւով մը «կրակմար» գերճնշուած կեանքի վազքին ընթացքին:
Փափուկ եւ մաքուր հպումներով օրը սկսիլը ինքնին հաճոյք մըն է, նաեւ օրուան աւարտին անհրաժեշտ է մաքուր եւ առօրեայ բոլոր յոգնութիւնը թօթափած կամ «լուացած» անկողին ուղղուիլը: Յանձնարարելի է բաղնիքը շոգիով պատել եւ անմիջապէս շատ տաք ջուրով չսկսիլ, այլապէս շատ յոգնած պիտի զգաք լոգանքի աւարտին: Նախընտրելի է գաղջ ջուրով սկսիլ ապա աստիճանաբար աւելցնել ջուրին ջերմութիւնը, որպէսզի մարմինը վարժուի: Նաեւ պէտք է նկատի առնէք, որ լոգանքէն ետք ձեր մարմինը վարժուած պիտի ըլլայ որոշ ջերմութեան մը, հետեւաբար սենեակն ալ նախապէս տաքցուցէք այնքան, որ հաճելի թուի ձեզի բաղնիքէն ետք:
Ե՞րբ կարելի է լոգանք ստանալ:
Պատասխան՝ որեւէ ժամու: Հանգիստ եւ առանց խանգարուելու ժամանակ է լոգանքի ժամը: Նկատի առէք, որ բաղնիքը ձեր տրամադրութեան տակ պէտք է ըլլայ մօտաւորապէս 30 վայրկեան: Բոլոր ձեր կատարելիքները մէկ կողմ դրէք ու հանգստացէք եւ այս ջրային շքեղ պարգեւը դուք ձեզի վերապահեցէք, ու անոր հաճոյքը կատարելապէս վայելեցէք:
Իսկ վայրը պատրաստելը նոյնքան կարեւոր է, որքան լոգանքի արարողութիւնը: Բաղնիքը մաքրեցէք եւ շատ լաւ կերպով պատրաստեցէք: Ընտրեցէք այն անձեռոցները, որոնք կը նախընտրէք: Ձեր ձեռքին տակ պահեցէք միայն այն շիշերը, որոնց անմիջական կարիքը ունիք այդ լոգանքին: Յաւելեալ շիշերը կրնան ձեր եռանդը (energy) նուազեցնել: Մտածեցէք ուրիշ ինչե՛ր կրնաք աւելցնել ձեր ջրային շքեղ մթնոլորտը աւելի եւս ջերմացնելու եւ աւելի հանգստաւէտ ու հանդարտեցնող դարձնելու համար: Անուշաբոյր օճառներ, նախասիրած անուշաբոյր մոմեր, որպէսզի բարձր լոյսեր չբանաք բաղնիքին մէջ, ձեր նախասիրած լոգանքի աղը եւ վերջապէս այն ինչ, որ ձեզի հանդարտութիւն եւ հանգիստ կրնայ ներշնչել մօտաւորապէս 30 վայրկեան: