ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աշխարհի տարբեր կրօններ, քրիստոնէութենէն առաջ գոյութիւն ունեցող, թէ՝ քրիստոնէութենէն ետք ի յայտ եկած, զանազան առիթներով աղքատները, զրկեալներն ու նուազ բախտաւոր մարդիկը յիշելու մասին կը դաստիարակեն իրենց հետեւորդները: Իրենց տուած այդ կրթութեամբ, անոնք ամէնքն ալ կը հաստատեն, թէ հաւատքը ոչինչ կ՛արժէ՝ առանց գործերու: Ուրիշ խօսքով, պէտք է հաւատքը գործքով արտայայտել, եւ գործեր՝ որոնք բարեգործութիւն համարուին պաշտուած Աստուծոյ մօտ:
Մինչ զանազան կրօններ տօնական յատուկ օրերու շրջագիծէն ներս կը խրատեն իրենց հետեւորդները նման բարեգործութիւններ կատարելու, քրիստոնէութիւնը ժամանակի կամ տեւողութեան այդ սահմանափակումը բոլորովին կը վերցնէ, պահանջելով որ Քրիստոսի հաւատացողները իրենց ամբո՛ղջ կեանքը վերածեն ուրիշին օգտակար դառնալու կեանքի:
Իր ծննդեան 80րդ տարեդարձին առիթով, ծերունի բարեկամներէս մէկը, իրեն ուղղած երկարակեցութեան մաղթանքս լսելով, ըսաւ. «Երկար կեանք մի՛ մաղթեր ինծի, այլ՝ ուրիշին օգտակար ըլլալու չափ կարողութիւն միայն»: Քրիստոնէական կեանքի փիլիսոփայութիւն կայ ամփոփուած այդ պարզ փափաքին մէջ: Իրապէս ալ, ի՞նչ իմաստ պիտի ունենար առողջ ու երկար կեանքը, երբ ո՛չ մէկ բանի պիտի ծառայէր անիկա: Տաղտկալի ու անախորժ կեանք պէտք է նկատել անգործ, ու միայն ինք իրեն համար ապրուած կեանքը: Ասիկա կը ճշմարտուի մանաւանդ այն մարդուն պարագային, որուն ո՛ղջ կեանքը եղած է նուիրեալ ծառայութիւն, հոգեւոր, մշակութային թէ բարեսիրական գործունէութիւն, մէկ խօսքով՝ ուրիշին բաշխուած կեանք: Այդպիսին, ծերութեան բերումով իր անկարողութիւնը զգալով, իրապէ՛ս կը տառապի: Ալ անիմաստ կը թուի իրեն երկար կեանքը, երբ չի կրնար օգտակար դառնալ ուրիշին:
Վստահ ըլլալով, որ քրիստոնեայ մարդուն կեանքը պէ՛տք է ըլլայ, իր մէջ ուրիշին օգտակար հանդիսանալու ձգտում ունեցող կեանք, ուրեմն քրիստոնեային կատարած ամէն մէկ արարքին պէտք է ա՛յդ արեւելումը տրուի:
Դարձեալ, զանազան կրօններ, որոշ պարագաներու՝ նա՛եւ Քրիստոնէութիւնը, այդ «օգտակարութիւն»ը կ՛ըմբռնեն իբրեւ նիւթական օժանդակութիւն: Հին Ուխտի «Տասանորդը տալ»ուն պէս, ոմանք իրենք իրենց անձը ազատ կը նկատեն որեւէ այլ պարտաւորութենէ, երբ նիւթական օժանդակութիւն կատարած են, «տասանորդը տուած են»: Ուրիշներ, նիւթապէս օգտակար հանդիսանալուն հետ, իրենց «գործը աւարտած» չեն համարեր, այլ մխիթարութեան, խրատատուութեան, ընկերասիրութեան ու այլ միջոցներով, կը շարունակեն հարստացնել իրենց քրիստոնէական առաքինութիւնները, որոնք բուն իսկ կրօնքը կը կազմեն: Այլապէս կրօնքը պիտի ըլլայ անկենդան տարր, թուղթի վրայ արձանագրուած տառ օրէնք, նոյնիսկ եթէ պաշտուած Աստուած կամ սուրբ գիրք ունենայ, իբրեւ գերագոյն հեղինակութիւն:
Այդ առաքինութիւններու շարքին մէջ պահուըտած, սակայն ո՛չ նուազ կարեւոր առաքինութիւններէն մէկն է՝ քաջալերելու արարքը: Մեռած մարդուն կեանք տալու համազօր արժէք ունի երբեմն, յուսահատ մարդուն տրուած նուազագոյն քաջալերանքը: Տեսնուած է, որ նոյնիսկ անձնասպանութեան դիմող մարդուն տրուած քաջալերական մէկ խօսք կրցած է զայն ետ կեցնել իր անպատասխանատու արարքէն: Դարձեալ տեսնուած է, որ մանուկներուն տրուած դոյզն քաջալերանքը, նոյնիսկ միայն խօսքի ճամբով, ո՛չ միայն դադրեցուցած է անոնց լացն ու ճիչը, այլ տակաւին տամուկ աչքերուն մէջ կրցած է փայլեցնել մանկական անմեղունակ ժպիտը:
Պէտք է վերջնականապէս մտահան ընել այն գաղափարը, թէ կրնայ ըլլալ որ գտնուի մարդ այս աշխարհի մէջ, որ քաջալերանքի պէտք չունենայ: Երբեմն բարձր դիրքերու վրայ եղող հեղինակաւոր մարդոց հանգամանաւոր արտայայտութիւնները ու ինքնավստահ խօսքը լսելով, ունկնդիրներ կը հիանան անոնց կարողութեան, եւ այն տպաւորութիւնը կ՛ունենան, թէ այդ անձերը ո՛չ ոքի օժանդակութեան կարիքը ունին, ո՛չ ալ մէկուն քաջալերանքին: Չարաչար կը սխալին, սակայն, այդպէս մտածողներ: Չկա՛յ մարդ այս աշխարհի մէջ, որ քաջալերանքի պէտք չունի:
Հոգեւորական թէ քաղաքական ասպարէզներու բարձրագոյն դիրքերը գրաւողները, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մինչեւ խոնարհագոյն սպասաւորը, ամէ՛նքն ալ քաջալերանքի կարիք ունին: Երկրիդ նախագահը, քաղաքիդ քաղաքապետը, թաղիդ թաղապետը, ամէնքը, ամէ՛նքը քու քաջալերանքիդ կարիքը կը զգան:
Հետաքրքրական է նկատել նաեւ, որ կեանքի շատ մը հարցերուն ետին յաճախ փնտռուող կին արարածը, այս հարցին ետին ալ կրնայ յայտնուիլ յանկարծ, սակայն այս անգամ շատ դրական դերով: Լսուած խօսք է՝ «Ամէն զօրաւոր այր մարդու ետին, զօրաւոր կին կայ անպայման»: Ինչքա՜ն պիտի փափաքէի, որ այդ երկրորդ «զօրաւոր» բառը փոխարինուէր «քաջալերող» բառով: Այո՛, ամուսինդ, զաւակներդ, եղբայրդ ու հարազատներդ քաջալերանքի պէտք ունին, ով կին, ու քու պարտականութիւններուն ամէնէն առաքինին է՝ զանոնք քաջալերելու պարտականութիւնդ: Իր զաւակին տուած հօր քաջալերանքը այն չէ, ինչ որ է, եւ կրնայ ըլլալ՝ մօր քաջալերանքը: Իսկ իր ամուսինին նկատմամբ քաջալերանք զլացող կինը, պէտք է գիտնայ, որ իր զլացած քաջալերանքը, իր ամուսինը անպայման պիտի ստանայ այլ կինէ՝ դուրսի կեանքին մէջ, գործատեղին կամ կեանքի այլ խաչմերուկներու վրայ: Որովհետեւ՝ քաջալերանքի կարիք ունի ան, բարձրաստիճան ըլլայ թէ փոքրաւոր, գործատէր թէ բանուոր:
Կիներուն պարտականութիւնն է՝ հիացում արտայայտել, գնահատանք շռայել եւ շնորհակալութիւն յայտնել իրենց ամուսիններուն, իրենց հօր կամ եղբօր, հոգ չէ՛ եթէ նոյնիսկ կինն ալ իր մասնակցութիւնը կը բերէ ընտանիքի նիւթական եկամուտը ապահովելու գործին: Սակայն, քաջալերանքի պէտքը զոր այր մարդուն տկարութիւններու ցուցակին առաջնակարգ բաժնին մէջ է, այնպայման պէտք ունի գոհանալու:
Հիացում արտայայտելու իր առաքինութեամբ, կինը պիտի յաջողի մարդուն արժանապատուութեան բնածին բարձր զգացումը հաստատուն հիմի վրայ դնել, իսկ անոր շռայլած իր գնահատանքը, պատճառ պիտի դառնայ բազմապատկելու անոր եռանդը, որուն շնորհիւ առաւել եւս յաջողութիւն պիտի գտնէ ան իր կեանքին մէջ: Իսկ անոր յայտնուած անկեղծ ու երախտագիտական զգացումներով շաղախուած շնորհակալութիւնը, պատճառ պիտի հանդիսանայ, որ միշտ լաւերուն լաւագոյնը ընծայաբերուի ընտանիքին, որուն մէջ շահողը միշտ կինը ինք պիտի ըլլայ, իբրեւ տնային տնտեսուհին:
Այս երեքէն կախեալ է նաեւ ընտանեկան համերաշխութիւնը, որուն պակասը օրէ օր հետզհետէ աւելի կը զգացուի ամէնուրեք: Հիացում արտայայտէ, գնահատանք շռայլէ՛ եւ շնորհակալութիւն յայտնէ, եթէ կ՛ուզես սրտի բանալին ձեռքիդ մէջ ունենալ միշտ, որովհետեւ քաջալերանքի պէտք ունին անոնք: