Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12, 2010ին Ֆերահեան Ազգային վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմնի նախաձեռնած ուսուցիչներու մասնագիտական վերապատրաստութեան միօրեայ սեմինարը։
Խնամակալ Մարմնի հրաւէրին ընդառաջելով ազգային վարժարաններուն կողքին սեմինարին կը մասնակցէին նաեւ Մխիթարեան Հայրերու, Հայ Քոյրերու եւ Սահակ Մեսրոպ վարժարաններու, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի շաբաթօրեայ վարժարաններու եւ Դաւթեան Մարիամեան Կրթական Հաստատութեան ուսուցչական կազմերէն ներկայացուցիչները։ Սեմինարին մասնակցող կրթական մշակներուն ընդհանուր թիւը կը հասնէր 260ի։
Խնամակալ մարմնի անդամ Լիզա Կապուտեան կատարեց սեմինարին բացումը։ Ան ողջունեց ներկայութիւնը բոլոր կրթական մշակներուն եւ ընդգծեց ուսուցիչներու մասնագիտական վերապատրաստութեան կարեւորութիւնը։ Ամերիկեան եւ հայկական հաւատարմութեան ուխտերէն ետք Լիզա Կապուտեան ներկայացուց օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ Ռապըրթ Քալինզը, որ խօսեցաւ «Աշակերտները դաստիարակել ժամանակակից Ամերիկայի մէջ» )Educating Students in a Very Different America( նիւթին մասին։ Բանախօսը՝ որ երկար տարիներ եղած է Լոս Անճելըսի դպրոցաշրջանի ընդհանուր տեսուչը )Superintendent(, իր կրթական ու անձնական փորձառութենէն օրինակներով լայնօրէն անդրադարձաւ ուսուցիչներու դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն, յատկապէս ընդգծելով ուսուցիչներու անփոխարինելի դերը։ Ան իր ներկայացուցած օրինակներով հաստատեց որ արհեստագիտութեան զարգացման կողքին ուսուցիչներու դերը միշտ ալ անփոխարինելի պիտի մնայ, յիշեցնելով, որ աշակերտներուն վրայ մեծ տպաւորութիւն կը ձգէ ուսուցիչներուն կողմէ ըսուած իւրաքանչիւր խօսքը կամ կատարուած արարքը։
Այնուհետեւ Խնամակալ մարմնի անդամ տիկին Մակի Սարգունի ներկայացուց օրուան ծրագիրը, հակիրճ կերպով անդրադառնալով օրուան դասախօսներուն եւ թեմաներուն։
Օրուան ծրագիրը բաժնուած էր երկու մասերու։ Առաւօտեան եւ կէսօրէն ետք մէկական պահ։
Առաջին պահուան ընթացքին տեղի ունեցան չորս աշխատանիստեր, որոնց ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.
ա.– «Սթանֆըրտ 10 քննութիւններու ընդհանուր ակնարկ եւ արդիւնքներու մեկնաբանութիւն» (Stanford 10 Overview and Interpretation of Data(։ Դասախօսն էր դոկտ. Լէրի Հէնքըն։
բ.– «Սորվելու ընդհանուր դժուարութիւններ», (Common Learning Disabilities(։ Դասախօսներն էին Լի Հաուըլ եւ Քորքի Օրուրքըն։
գ.- «Արհեստագիտութեան օգտագործումը դասարանէն ներս» (Use of Technology in the Classroom(։ Դասախօսն էր Շէրըլ Սոյըր։
դ.- «Համադպրոցական դրական վարքի ծրագրում եւ գործադրութիւն», (Building School-wide Positive Behavior Support): Դասախօսն էր Վերժին Ճարագեան։
Ճաշի դադարէն ետք՝ երկրորդ պահուն ընթացքին ներկայացուեցան ութ աշխատանիստեր.
ա.– Արժեւորման եւ ուսուցման համատեղում Սթանֆըրտ 10» (Aligning Assessment with Instruction Stanford 10)։ Դասախօսն էր դոկտ. Լէրի Հէնքըն։
բ.- «Համացանցի ապահովութիւն», (Cyber Safety(։ Դասախօսն էր Ռէյչըլ Ղուկասեան։
գ.– «Սորվելու ընդհանուր դժուարութիւններ», (Common Learning Disabilities(։ Դասախօսներն էին Լի Հաուըլ եւ Քորքի Օրուրքըն։
դ.- «Արհեստագիտութեան օգտագործումը դասարանէն ներս», (Use of Technology in the Classroom(։ Դասախօսն էր Շէրըլ Սոյըր։
ե.- «Համադպրոցական դրական վարքի ծրագրում եւ գործադրութիւն», (Building School-wide Positive Behavior Support)։ Դասախօսն էր Վերժին Ճարագեան։
զ.- «Հասկացողութեան կարեւորութիւնը», (Comprehension Matters)։ Դասախօսն էր Շէրվանա Անտըրսըն Տէմիրէզ։
Է.- «Աշակերտներուն մտածողութիւնը կազմակերպելու միջոցներ», (Thinking Maps(։ Դասախօսն էր Ճուտի Սքինտըր։
Ը.- Գրելը չի սահմանափակուիր Անգլերէն լեզուի դասապահով», (Writing Isnt for the English Class Alone(։ Դասախօսն էր Ճէյն Հէնքաք։
Որոշ նիւթեր կրկնուեցան երկրորդ պահի ընթացքին, առիթ տալու համար յաւելեալ թիւով ուսուցիչներու մասնակցելու համար այդ աշխատանիստերուն։
Խնամակալ մարմնին կողմէ կազմակերպուող միօրեայ այս սեմինարը եզակի առիթ մըն է համախմբելու համար գաղութիս կրթական մշակները եւ տրուած աշխատանիստերուն ճամբով նպաստելու անոնց մասնագիտական վերապատրաստութեան։ Այս սեմինարները առիթը կ՛ընծայեն անոնց փոխադարձ ծանօթութեան, փոխադարձ ճանաչողութեան եւ իրենց ձեռք բերած հարուստ փորձառութեան փոխանակման։