ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19ին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, ընկերակցութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի, Արցախի Հայց. եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ատենապետ, իրաւաբան Արա Ակիշեանի եւ վարիչ տնօրէն Սարգիս Քոթանճեանի, Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանի եւ իր պատուիրակութեան մաս կազմող Դաւիթ Պապայեանի եւ Նարեկ Գասպարեանի, առաջնորդարան ժամանեցին եւ սիրալիր կերպով դիմաւորուեցան առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ հոգեւորականներու կողմէ: Անոնք առաջնորդուեցան դէպի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր եկեղեցի, ուր առաջնորդը հակիրճ տեղեկութիւններ հաղորդեց: Ապա բոլորը միասին առաջնորդուեցան դէպի «Արմէն եւ Կլորիա Համբար» դահլիճը, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ հիւրասիրութիւն:
Առաջնորդը բարի գալուստ մաղթեց նախագահին եւ յայտնեց, թէ յատուկ կոչ ուղղած է թեմի եկեղեցիներուն, որ հաւատացեալները մասնակցին ի նպաստ Արցախի նուիրահաւաքին, որուն այս տարուան գլխաւոր ծրագիրն է ջուրի մատակարարումը աւելի քան երկու հարիւր գիւղերու:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, որ գնահատանքով արտայայտուեցաւ 1988ի երկրաշարժէն սկսեալ մինչեւ այսօր Արեւմտեան թեմին կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններուն եւ որբերու հովանաւորութեան ծրագիրին մասին:
Վսեմաշուք նախագահը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անգամ մը եւս կը գտնուի առաջնորդարանի նուիրական յարկէն ներս: Ան տեղեկութիւններ տուաւ Արցախի մէջ իրագործուած ծրագիրներու եւ արձանագրուած յաջողութիւններու մասին ու շեշտեց, թէ «æուրը Կեանք է», եւ թէ մեծ յոյս ունի, որ համայն աշխարհի հայութեան նիւթական օժանդակութեամբ, նախորդ ծրագիրներու նման այս ծրագիրն ալ ժամանակի ընթացքին պիտի գտնէ իր արդար լուծումը, եւ Արցախի մեր հերոս ժողովուրդը պիտի շարունակէ իր բարգաւաճ կեանքը մեր դարաւոր պապենական հողին վրայ: