Հայութեան Սիրտը Կը Բաբախէ Հայրենիքի Ու Արցախի Ապրած Իրադարձութեանց Կշռոյթով
ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ուաշինկթընի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչը, պաշտօնատարներ ու «Հայաստան» հիմնադրամի ներկայացուցիչներ Հինգշաբթի, 18 Նոյեմբերին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ եղան Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ սրբազանին՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու ժողովականութեան հիւրերը, ներկայութեամբ մեր գաղութի հայկական կազմակերպութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Նախագահ Սահակեան, Պարգեւ սրբազան եւ ընկերակիցները Ազգ. առաջնորդարան ժամանեցին կէսօրուան ժամը 12ին. առաջին հերթին, անոնք առաջնորդարանի հիւրասրահ-դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան առաջնորդ սրբազանին, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեանի, Կրօնական ժողովի ու Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչներու եւ ներկայացուցչական հանգամանքով այլ ազգայիններու հետ։ Առաջնորդ սրբազանին ողջոյնի խօսքին ընդառաջելով, նախագահ Սահակեան, Պարգեւ սրբազան եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը արտասանեցին ողջոյնի խօսքեր, գոհունակութիւն յայտնելով ընդունելութեան ու հայրենաշինական գործին մէջ ամերիկահայութեան ու առհասարակ Սփիւռքի գործակցական աջակցութեան համար։
Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանն ու յարգելի հիւրերը, իրենց ընկերակիցներուն հետ ուղղուեցան սրահ, ուր ճաշի սեղաններու շուրջ համախմբուած էին Ազգ. առաջնորդարանի ընտանիքին ու հայկական միութեանց ներկայացուցիչները։ Ներկայ էին ՀՅԴ կեդրոնական կոմիտէի, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, Համազգայինի, Միացեալ Հայկական հիմնադրամի, թեմի Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, Ազգ. առաջնորդարանի CASPS եւ Առաքելութեան տարածման յանձնախումբերու, Հայ կրթական հիմնարկութեան, Դաւթեան-Մարիամեան կրթ. հաստատութեան, Իրանահայ, Նոր æուղայի բարեկամներու, «Րաֆֆի» միութեանց եւ այլ միաւորներու ներկայացուցիչներ եւ Ազգ. վարժարաններու տնօրէններ։ Ներկայ էին նաեւ մեր եկեղեցիներու հովիւները, հոգաբարձութեանց ատենապետները եւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան։ Ճաշը կազմակերպուած էր Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կողմէ։
Ներկաները յոտնկայս ծափողջոյնով դիմաւորեցին հիւրերը։ Առաջնորդ սրբազանն ու Պարգեւ սրբազան կատարեցին սեղաններու օրհնութիւնը։ Խաժակ Տիքիճեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն ու բոլոր ներկաներուն, վերահաստատեց հայութեան զօրակցութիւնն ու սրտակցութիւնը՝ մայր Հայաստանին ու Արցախին, եւ առաջարկեց խմել կենացը մեր հերոս ժողովուրդին՝ մաղթելով Արցախի ու հայութեան իրաւունքներուն իրականացումը։
Ճաշէն ետք, ու հանդիսավարութեամբ Վիգէն աւագ քհնյ. Վասիլեանի, արտասանուեցան սրտի խօսքեր։
Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան իր խօսքը սկսաւ՝ ողջունելով հերոսական Արցախի ժողովուրդն ու անոր պետական ու հոգեւոր ներկայացուցիչները, վեր առաւ թելեթոնին կարեւորութիւնը եւ նշեց, որ անիկա Արցախին ու հայրենիքին զօրակցութեան գործնական արտայայտութիւն մըն է։ Ան մաղթեց, որ Արցախի եւ ազգային այլ իրաւունքներ շուտով լուծումի հասնին, իսկ կանգ առնելով այս տարուան թելեթոնին նպատակին վրայ՝ ընդգծեց, որ ջուրի մատակարարման նուիրուած նուիրահաւաքը կենսական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ ջուրը անհրաժեշտութիւն մըն է ու պէտք է հասանելի ըլլայ բոլոր շրջաններուն, իւրաքանչիւր բնակիչի։ Տիկին Պօղոսեան վեր առաւ նաեւ հայրենիքին ու Արցախին զօրակցութեան մէջ հայութեան միասնութիւնը եւ խնդրեց, որ հայութեան պատրաստակամութիւնը հաղորդուի Արցախի մեր ժողովուրդին։
Արա Նաճարեան, իր կարգին վեր առաւ իրերայաջորդ թելեթոններուն կարեւորութիւնը, եւ անդրադառնալով այս տարուան նուիրահաւաքի նշանախօսին՝ շեշտեց կեանքի համար ջուրին կարեւորութիւնը։ Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ Արցախը իր բարգաւաճումը ապրի ապահով ու ազատ մթնոլորտի մէջ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու վարչութեան նախագահ Արա Ակիշեան հաւաստեց, որ ճիգ չէ խնայուած, որպէսզի այս տարուան նուիրահաւաքը նախորդները գերազանցէ: Ան կոչ ուղղեց բոլորանուէր մասնակցութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին՝ այս հիւրընկալումին համար։
Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան ողջունեց ներկաներն ու սփիւռքեան զօրակցութիւնը՝ Հայաստանին ու Արցախին, եւ յոյս յայտնեց, որ ի մօտոյ, հայկական երկրորդ հանրապետութեան՝ Արցախի ճանաչումը իրականանայ։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան։ Ան յիշեցուց, որ Արցախի ազատագրական շարժումը, որ ծայր առաւ աւելի քան 20 տարի առաջ, ողջ հայութեան հոգիին արտայայտութիւնն էր, եւ իբրեւ արդիւնք մեր արդար պայքարին՝ Աստուած մեզի շնորհեց երկու հանրապետութիւն։ Ան անդրադարձաւ թելեթոնի կարեւորութեան ու անոր ճամբով՝ հայութեան ճիգերուն մէկտեղումին, ընդգծելով, որ սա մէկ բաժինն է մեր ազգի ճակատագիրի կերտումին, մանաւանդ, որ ամէն ազգ իր ճակատագիրը ինքն է որ կը կերտէ։ Ան մաղթեց, որ հայութիւնը, հետեւողական հետապնդումով ու պայքարով վերատիրանայ իր աստուածատուր բոլոր հողերուն, իրականացնելով մեր երազը, Ցեղասպանութեան ճանաչումին կողքին, ամբողջական դառնայ Հայաստանը՝ Արցախով, Նախիջեւանով ու պատմական Հայաստանի բոլոր շրջաններով։ Ան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ Աստուած կ՛օգնէ հայութեան, եթէ մենք ըլլանք միասիրտ ու համախումբ, գործենք խիզախօրէն ու խոհեմութեամբ։
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքը սկսաւ ողջունելով ներկաները եւ մաղթեով, որ յառաջիկայ թելեթոնը յաջողութեամբ պսակուի, անոր բարձրացուցած նշանախօսքը՝ æուրը Կեանք է, կենսաւորուի Արցախի հայութեան կեանքին մէջ։ Ան շեշտեց, որ թելեթոնին մասնակցելով, հայութիւնը այո պիտի ըսէ կեանքին, որովհետեւ ջուրը ամէնէն կենսական նիւթն է կեանքի պահպանման համար։
Առաջնորդ սրբազանը յիշեցուց, որ թելեթոնը սկիզբ առաւ Միացեալ Նահանգներէն ու տարուէ տարի ծաւալ ստացաւ դէպի հայկական գաղթօճախներ, իսկ վերջին տարիներուն արդէն կ՛ընդգրկէ նաեւ հայրենիքն ու նոր գաղութներ. անիկա անհրաժեշտ է, որպէսզի Հայաստանն ու Արցախը հաստատուին ամուր հիմերու վրայ, եւ այս իմաստով, բարձր գնահատեց «Հայաստան» հիմնադրամին դերակատարութիւնն ու անոր լոս-անճելըսեան միաւորի պատասխանատուներուն նուիրեալ աշխատանքը։
Առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ արցախեան նորագոյն իրադարձութիւններուն ու զարգացումներուն։ Ան նշեց, որ մէկ կողմէ, իբրեւ արդիւնք թափուած արիւնին ու քրտինքին, Արցախը կ՛ապրի իր կեանքի զարգացումները, բայց նաեւ գիտենք, որ ամէն բան վարդագոյն չէ. թուրք-ազերիական ոտնձգութիւնները զոհեր, վիրաւորներ ու վնասներ կը պատճառեն շրջանին ու ժողովուրդին, սակայն պետութիւնն ու զինեալ ուժերը ամրօրէն կառչած են հայրենի հողին ու տրամադիր չեն ընկրկում արձանագրելու։ Ան վերահաստատեց, որ ողջ հայութիւնը կը կանգնի Արցախի ու իր դատին կողքին, անոր սիրտը կը բաբախէ հայրենի իրադարձութիւններու զարգացումներու կշռոյթով, իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու վերակերտումն ալ պիտի ընթանան միացեալ ճիգերով, միասնութեամբ։
Վերջին խօսքը արտասանեց նախագահ Սահակեան։ Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ պայքարի ճամբուն վրայ կերտուած հանգրուաններուն, որոնց նորագոյնը կ՛ապրինք այսօր։ Ան ընդգծեց, որ մեր պայքարի, պահանջներուն ու գործին հիմքը բարոյականութիւնն է, առանց որուն, ամէն բան կը մնայ խախուտ։ Ան ըսաւ, որ հայութիւնը բարութեան խաչակիր է եղած ու պէտք է մնայ, եւ յիշեցուց, որ 20րդ դարու վերջին տարիներուն, Արցախի մէջ ծայր տուած պայքարը յաղթանակի հասաւ շնորհիւ հայութեան բոլորանուէր մասնակցութեան։ Ան յատուկ գնահատանք արձանագրեց մեր քոյրերուն, որոնք կը ծառայեն Արցախի բանակին մէջ ու կ՛աջակցին արցախեան կանքի տարբեր ոլորտներուն կենսագործման, մասնաւորելով ՀՕՄի ծառայութիւնները։ Ան երախտագիտական արտայայտութիւն ունեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու անոր առաջնորդարաններուն դերակատարութեան մասին։
Ակնարկելով արցախեան պայքարի առաջին հանգրուաններուն, նախագահ Սահակեան նշեց, որ թրքական կողմին մօտ կար ցեղասպանութիւնը կրկնելու մտադրութիւն, սակայն Արցախը դիմացաւ ու պատուով պաշտպանեց իր իրաւունքները, որպէսզի չկրկնուին պատմութեան սեւ էջերը։ Ան յայտարարեց, որ Արցախի այսօրուան 150,000 բնակիչներէն իւրաքանչիւրը մէկ զինուորն է Արցախի բանակին, որուն զօրավիգ են Հայաստանն ու Սփիւռքը, բարձրացնելով պաշտպանական ուժերուն թիւը։ Նախագահը նաեւ յայտարարեց, որ Արցախի կառուցումը ու բոլոր տեսակի աշխատանքները կը կատարուին յարգալից մթնոլորտի մէջ, կեղծիքն ու շահամոլութիւնը վանելով՝ կ՛ուղղուինք դէպի յաջողութիւն։ Իբրեւ արդիւնք այս մօտեցումին, Արցախի տնտեսութիւնը անցեալ տարի բարելաւում ապրած է 13 առ հարիւրով, եւ այդ՝ հակառակ աշխարհը կլանող տնտեսական ճգնաժամին։
Ընդունելութեան աւարտէն առաջ, առաջնորդ սրբազանը յարգելի հիւրերուն ու ընկերակիցներուն յանձնեց խորհրդանշական յուշանուէրներ։ Հանդիպումը վերջ գտաւ «Պահպանի»չով ու «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։