ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 14 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը չորսին, աւելի քան 150 հոգիներու ներկայութեամբ, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պետրոս Ալահայտոյեանի «Բալուի (Եւ տարածաշրջանի) երաժշտական, ազգագրական հաւաքածոյ» գիրքին շնորհահանդէս-ներկայացումը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի Կլենտէյլի Յովհաննէս Թումանեան մասնաճիւղի, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի հայերէնի բաժինին (պատասխանատու Էլիզապէթ Գրիգորեան) եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին կողմէ:
Ներկաներուն ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի ատենապետ Ալին Պզտիկեան, Էլիզապէթ Գրիգորեան եւ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Աբօ Պողիկեան:
Ձեռնարկը վարեց յայտնի մտաւորական Սարգիս Մահսէրէճեան, որ նաեւ հանգամանօրէն ներկայացուց Պետրոս Ալահայտոյեան մարդն ու մասնագէտ երաժիշտը:
«Հմուտ երաժշտագէտ մը, երաժշտութիւնը լաւ հասկցող, լա՛ւը փնտռող ու խստապահանջ մտաւորական մը, որուն գրիչը թաթխուած էր արդարութեան ու անաչառութեան մելանին մէջ։ Իր այդ խստապահանջ բայց արդար մօտեցումով իսկ, Պետրոս Ալահայտոյեան երաժշտական ճաշակի դաստիարակ մըն էր բոլոր ընթերցողներուն համար», յայտնեց Մահսէրէճեան:
«Հայկական ժողովրդական երգի հանդէպ սէրն ու պրպտողի իր նկարագիրը զինք առաջնորդած են (դեղագործութենէ) դէպի բանասիրութիւն, եւ ահա, 1985էն սկսեալ, «անվճար արձակուրդ» առնելով՝ սկսած է փնտռտուքի ու պեղումներու. հետաքրքրութիւնը զինք տարած է Սուրիա, Լիբանան, եւրոպական հայօճախներ, Ամերիկա։ Մեր մամուլին աշխատակցելու կողքին ու զուգահեռաբար, ան որոնած է հայրենի հողին՝ Արեւմտեան Հայաստանի, հողին վրայ ծնած-ծաղկած մեր ժողովրդային երգերը. տեսած է, որ հայրենի հողին կորուստէն ետք, բռնագաղթի ենթարկուած սերունդին պէս, անոր հետ հայկական ժողովրդական երգը կրնայ նաեւ մատնուիլ կորուստի, որովհետեւ երգը միայն բառ չէ, այլ նաեւ երաժշտութիւն ու երգուող-մատուցուող կալուած. եթէ զայն չգրես, եթէ խազագրում տեղի չունենայ ու արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներով ձայնագրում չկատարուի, երգը վստահաբար պիտի կորսուի անհետ, որովհետեւ բերնէ բերան փոխանցումը երկար շունչ չունի», բացատրեց Մահսէրէճեան:
Երաժշտագէտ եւ խմբավար Վաչէ Պարսումեան մանրամասնօրէն ներկայացուց գիրքը, անոր տարբեր բաժինները՝ կատարելով լայն մէջբերումներ:
Պարսումեանի ներկայացման մէջ պարբերաբար արտայայտուեցան գնահատականներ, որոնցմէ մէկը կը մէջբերենք այստեղ.
«Անշուշտ ժամանակը եւ հնարաւորութիւնը չկայ հոս նկարագրելու երգերուն մասին Պետրոս Ալահայտոյեանի վերլուծումները, բայց կ՛ուզեմ մէջբերել մէկ երգի մասին հատուած մը, որպէսզի պատկերացում մը տամ Պետոյին՝ այս երգերուն հանդէպ տածած ոգեւորութեան, դիպուկ թափանցումներուն, կտորներու հոգեբանական եւ այլաբանական խորքերը պեղելու իր արբշիռ հակումներուն, եւ ի դիմաց երգերու միսթիքական շերտերուն՝ իր ապրած բանաստեղծական փոխադարձումներուն։ Պետօն երբեք չոր ու կարծր գիտնական չէ հոս, բայց նաեւ ունի գիտական մաքուր կեցուածք, որ թրթռուն խանդավառութեամբ կը հնարէ, կը ստեղծէ, կը թռչի, կը գինովնայ իր նորաստեղծ բառերով, «պետոյական» յատուկ դարձուածքներով, յայտնատեսական խիզախումով»։
Անահիտ Հալապեան հրաշալի հարազատութեամբ կատարեց Բալուի ժողովրդական երկու երգեր: Շուիահար Արարատ Պետրոսեան իր մէկ կատարումով արտայայտեց հեղինակին եւ բանախօսին հանդէպ իր յարգանքը:
Յայտագիրի վերջին բաժինով բեմ հրաւիրուեցաւ հեղինակը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքին հրատարակութիւնը կարելի դարձնող բոլոր անձերուն, միութիւններուն ու հաստատութիւններուն:
«Մաշտոց» քոլեճը հաճելի անակնկալ մը մատուցեց հեղինակին՝ անոր շնորհելով պատուոյ դասախօսի կոչումը: Քոլեճի տնօրէն տոքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը հեղինակին անձամբ փոխանցեց կոչումի վկայագիրը: