ՄԵԾՆ ՄՈՒՐԱՏԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150 ԱՄԵԱԿ, ՀԱՃՆՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿ, ՀԱՃԸՆԻ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 90 ԱՄԵԱԿ, ՆՈՐ ՀԱՃԸՆ ՔԱՂԱՔԻ 52 ԱՄԵԱԿ, ՄԵԾՆ ՄՈՒՐԱՏԻ ԱՆՈՒԱՆ ԹԻՒ 4 ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ԴՊՐՈՑԻ 15 ԱՄԵԱԿ, «ՎԱՐՍԵՆԻԿ» ԳՈԼԵՃԻ ԲԱՑՈՒՄ
Սոյն տարուան Հոկտեմբեր 8-11 երկարող օրերուն, Հայաստանի Արա եւ Հատիս լեռներու լանջերուն գտնուող Նոր Հաճըն քաղաքին մէջ, մեծաշուք եւ բացառիկ նախաձեռնութիւններով տեղի ունեցան շատ կարեւոր յիշատակներու նշումներ եւ բացումներ՝ Հաճընի եւ Նոր Հաճընի պատմութեան եւ ներկային հետ կապուած իրադարձութիւններու:
2010ը կը զուգադիպէր Հաճընի հերոսամարտի 90ամեակին, Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան հիմնադրութեան 100ամեակին, Մեծն Մուրատի անուան թիւ 4 միջնակարգ դպրոցի հիմնադրութեան 15ամեակին եւ Նոր Հաճըն քաղաքի հիմնադրութեան 52րդ ամեակին:
Հոկտեմբեր 8ի առաւօտեան, աշակերտներն ու ուսուցչական կազմը դիմաւորեցին Լոս Անճելըսի Հաճնոյ հայրենակցական միութեան անդամները՝ ատենապետ Եփրեմ Պարղպուտարեանի գլխաւորութեամբ. այնտեղ ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի Շաս-Սիւր-Ռոն քաղաքի քաղաքապետ Ժան-Փիեռ Ռիուլէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Կոտայքի թեմի առաջնորդ Առաքել եպս. Մարամեան, Կոտայքի մարզպետ Կաւալենկօ Շահգալդեան, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գագիկ Ծառուկեան, քաղաքապետ Գագիկ Մաթեւոսեան եւ Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներէն ժամանած հայրենակիցներ: Ատենապետ Եփրեմ Պաղպուտարեանի գլխաւորած պատուիակութիւնը եւ բոլոր հիւրերը մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ այցելեցին դպրոցի իւրաքանչիւր դասարան՝ ուսումնասիրելու համար աշակերտներուն եւ դասարաններուն ընդհանուր իրավիճակը:
Ապա Մեծն Մուրատի ծննդեան 150ամեակի առիթով հիւրերը ուղղուեցան դպրոցի սրահը, ուր աշակերտները պատրաստած էին Մեծն Մուրատի, ֆետայիներու, հայ հերոսներու պատկերներով շքեղօրէն զարդարուած ցուցատախտակներ, որոնց հանդիսաւոր բացումը կատարեցին տէր եւ տիկին Եփրեմ եւ Վարսենիկ Պաղպուտարեանները:
Այս առիթով, Եփրեմ Պաղպուտարեան իր յատուկ խօսքը ուղղեց ներկաներուն. ան իր խօսքը սկսաւ հետեւեալ ձեւով. «Սիրելի հայրենակիցներ, Մեծ Եղեռնի արհաւիրքէն մազապուրծ ազատած սերունդի զաւակներ իբրեւ, տասնամեակներ շարունակ պապենական հայրենիքի կարօտով տառապելէ ետք, մեզի համար որքան հաճելի է ականատես ըլլալ ազատ ու անկախ Հայաստանի ծաղկումին: Նամանաւանդ, երբ կ՛ընծայուի առիթը Հաճնոյ հայրենակցական միութեան գոնէ իր լուման ընծայաբերելու ազգային մեծ հերոս Մեծն Մուրատի անունը կրող վարժարանին: Այսօր շուրջ տասնհինգ տարիներ անցած են մեր իմաստուն հայրենակիցներու յանձնառութենէն ետք, բայց դպրոցը օրէ օր կը բարգաւաճի եւ կը յառաջդիմէ, թէ՛ կրթական եւ թէ հայրենասիրական մարզերու մէջ: Մեր երազն է տեսնել Մեծն Մուրատի անունը կրող վարժարանը՝ իբրեւ տիպար դպրոց Նոր Հաճըն հայրենի քաղաքին մէջ: Այսօր, նկատի ունենալով արտերկրի թէ Հայաստանի հայութեան պարտադրուած Սպիտակ æարդը, աւելի քան երբեք կարեւոր է մեր մատղաշ սերունդին ջամբել ազգային դաստիարակութիւն, Մեծն Մուրատի նման մեր հին եւ նոր անմեռ հերոսներու օրինակով, ազգային հպարտութիւն պարգեւող հայ լեզու եւ գրականութիւն, Հայ մշակոյթի պատմութիւն, հայոց պատմութիւն, ինչպէս նաեւ հայկական դատ եւ պահանջատիրութիւն»:
Դպրոցի միջանցքները զարդարուած էին աշակերտներու ձեռային աշխատանքներով: Հիւրերը կատարեցին բացումը երկու ցուցապաստառներուն, որոնցմէ առաջինին վրայ գրուած էր. «Հայաստան երկիրը հայրենիք դարձրին Մեսրոպի այբուբենը, մամիկոնեանների ուխտը, բագրատունիների շինարարական մեծագործութիւնը», իսկ երկրորդին վրայ՝ «Մենք տուն մեզ համար չենք շիներ, մենք հաց մեզ համար չենք ցաներ-քաղեր. մենք մեզի համար չենք արեր»:
Դպրոցի աշակերտները կազմակերպած էին վերոյիշեալ տարելիցներուն նուիրուած 2 ժամնոց մեծ ցերեկոյթ մը, որ ելոյթներու, արտասանութիւններու եւ երգերու կողքին, կ՛ընդգրկէր Տաւրոս լեռներու արծուաբոյն Հաճընի եւ Նոր Հաճընի ձեռքբերումներու պատմութեանց ներկայացումը: Այդ օրուան հանդիսութիւնները աւարտեցան Հաճնոյ հայրենակցական միութեան 50 ուսուցիչներուն համար կազմակերպուած ճաշկերոյթով:
Իսկ Հոկտեմբեր 9ին, Հաճնոյ Հայրենակցական միութեան անդամները եւ դարձեալ վերոյիշեալ հիւրերը Նոր Հաճընի քաղաքապետարանին մէջ ունեցան հաւաք մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ Ճաճընի հերոսամարտին եւ տեղահանութիւններուն մասին ժապաւէն մը: Ցուցադրութեան աւարտին ելոյթ ունեցան Նոր Հաճընի քաղաքապետ Գագիկ Մաթեւոսեան եւ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան ատենապետ Եփրեմ Պաղպուտարեան, որմէ ետք բոլոր ներկաները ուղղուեցան քաղաքի երաժշտական դպրոց, ուր երեխաները հիւրերուն հրամցուցին մէկ ժամնոց յայտագիր մը, որուն ընթացքին օգտագործուեցան գրէթէ բոլոր հայկական նուագարանները:
Երաժշտական դպրոցէն մեկնելով՝ հիւրերը առաջնորդուեցան Հաճընի Հերոսամարտի յուշարձան, որուն շուրջ զիրենք կը սպասէին աւելի քան 10,000 հաճընցիներ:
Այդ բազմահազար ժողովուրդի ներկայութեան մեծ շուքով եւ խանդավառութեամբ կատարուեցաւ հերիսայի օրհնութիւնն ու բաշխումը:
Երեք ժամ տեւած սոյն արարողութենէն ետք իրականացաւ հարուստ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր պարախումբերու ելոյթներ, երգ, «Մարաթուկ» ազգագրական խումբի ելոյթ եւ հրավառութիւն: Ժողովուրդին դիմաց բարձրաշունչ ելոյթ ունեցան քաղաքապետ Գագիկ Մաթեւոսեան, ֆրանսացի քաղաքապետ Ժան-Փիեռ Ռիուլէ եւ ատենապետ Եփրեմ Պաղպուտարեան. վերջինս իր խօսքին մէջ, ի միջի այլոց ըսաւ.
«Սիրելի Հայրենակիցներ,
«Անցան իննսուն երկար տարիներ Հաճնոյ հերոսամարտէն ետք: Պայքարը կը շարունակուի տակաւին բոլոր բնագաւառներէն ներս:
«Անոնք ինկան վասն հայրենիքի, վասն հայութեան եւ վասն իրենց քրիստոնէական հաւատքին: Անոնք ինկան պատնէշի վրայ՝ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի տեսիլքով»:
Շարունակելով իր խօսքը՝ Ե. Պաղպուտարեան աւելցուց. «Ոգեկոչումի այս միջոցառումները պէտք է որ ամէնօրեայ պայքարի խթանիչ ուժ մը ըլլան մեզի՝ բոլորիս համար: Մօտեցնեն մեզ եւ մասնակից դարձնեն հայրենաշինութեան գործին: Մեր հետաքրքրութիւնները անհատականի կողքին ըլլան նաեւ հայրենական: Հպարտ զգանք մեր Մայր Հայաստանով, Հայ ժողովուրդով, Հայ լեզուով, Հայ մշակոյթով եւ պատմութեամբ:
«Յարգանք Հաճնոյ հերոսամարտին, ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդի հին եւ նոր համայն նահատակներուն:
«Փառք ու պատիւ Հայ ժողովուրդին եւ մայր Հայաստանին»:
Մեծն Մուրատի Անուան Դպրոցի «Վարսենիկ» Մասնաւոր Քոլեճի Բացում
Հոկտեմբեր 11ին, Լոս Անճելըսի Հաճնոյ հայրենակցական միութեան անդամները՝ ատենապետ Եփրեմ Պաղպուտարեանի գլխաւորութեամբ, նաեւ այցելեցին Հաճընի Մեծն Մուրատի անուան թիւ 4 դպրոցը՝ ականատես ըլլալու համար պաշտօնական բացման դպրոցէն ներս տեղակայուած «Վարսենիկ» նախադպրոցական մասնաւոր քոլեճին, որուն առաքելութիւնն է դիւրացնել դպրոցի առաջին դասարանցիներու հաւաքագրման գործընթացը: «Վարսենիկ» քոլեճի անունը կը զուգորդուի Վարսենիկ Պաղպուտարեանի անունին. անիկա մեծ անակնկալ մըն էր տիկին Վարսենիկ Պաղպուտարեանին եւ հիւրերուն:
Քոլեճի սաները երգեցին տօնական երգեր, արտասանեցին բանաստեղծութիւններ եւ ողջոյնի խօսքեր:
Սաներու ելոյթներէն ետք, Վարսենիկ Պաղպուտարեան քոլեճի բացման առիթով իր շնորհաւորական խօսքը ուղղեց եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ Աստուծոյ կամքով դպրոցը կը կոչուի «Վարսենիկ»:
Խօսքը ուղղելով դպրոցի տնօրէնուհի Հայկանոյշ Պետրոսեանին եւ փոխտնօրէնուհիներուն, ինչպէս նաեւ «Վարսենիկ» քոլեճի տնօրէնուհի Տաթեւիկ Խըլզաթեանին, ծնողներուն ու սաներուն՝ ան ըսաւ. «Ինծի համար մեծ անակնկալ էր, Հայաստան ժամանելէս ետք՝ 8 Հոկտեմբերին իմացայ «Վարսենիկ» քոլեճի բացման մասին: Շատ զգացուած՝ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ինծի շնորհուած պատիւին համար»:
Վ. Պաղպուտարեան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր անձնական միջոցներով քոլեճին աջակցելու եւ օգնելու: Ան յայտարարեց, որ դպրոցը պիտի կահաւորէ նոր կահոյքով:
Բարերարը իր խոստումը կատարելով՝ երեք օրուան ընթացքին քոլեճը կահաւորուեցաւ նոր կահոյքով:
Հիւրերը հեռացան դպրոցէն՝ յաջորդ տարի դարձեալ հանդիպելու խոստումով:
Վարսենիկ Պաղպուտարեանի
Արտասանած Խօսքը՝
«Վարսենիկ» Քոլեճի Բացման Հանդիսութեան
«Յարգելի տնօրէնուհի Հայկանոյշ Պետրոսեան, փոխտնօրէնուհիներ Կարինէ Սիմոնեան եւ Անահիտ Աւագեան, «Վարսենիկ» քոլեճի տնօրէնուհի Տաթեւիկ Խըլզաթեան, յարգելի ծնողներ եւ շատ սիրելի երեխաներ,
«Ինծի համար մեծ անակնկալ էր, Հայաստան ժամանաելէս ետք՝ 8 Հոկտեմբերին, իմացայ «Վարսենիկ» քոլեճի բացման մասին: Շատ զգացուած՝ խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ինծի շնորհուած պատիւին համար: Այս պատիւը ոչ միայն իմս է, այլ իմ շատ սիրելի ամուսնոյս Եփրեմին, որովհետեւ երկուքս ալ կը հաւատանք, որ հայ երեխան պահանջուած ապագայ հայորդին ըլլայլու համար, Սփիւռքի կամ հայրենիքի մէջ պէտք է ապրի հայ դպրոցի մթնոլորտէն ներս, քանի որ հայ դպրոցը ցեղի ձայնին արձագանգն է, ազգապահպանման ամէնէն ամուր կռուանն է: Օժանդակել հայ դպրոցին, կը նշանակէ օժանդակել հայութեան գոյատեւման պայքարին:
«Ապրէ՛ք երեխէք. շատ յաջող միջոցառում ունեցաք: Մենք ուրախ եւ հպարտ ենք ձեզմով, որովհետեւ դուք էք հայութեան գոյատեւման յաջորդ սերունդը: Կը շնորհաւորենք ձեր ծնողներն ու մանաւանդ ուսուցչական կազմը:
«Հաճեցէք ընդունիլ մեր երախտագիտական ջերմ զգացումները, ինչպէս նաեւ մեր համակրանքը հանդէպ ձեզի եւ ձեր ազգասիրական ու հայրենասիրական բացառիկ աշխատանքներուն, որոնք արժանի են ամէն հիացմունքի, գնահատանքի եւ պատիւի: Մեզի համար բացառիկ հաճոյք է վայելել ձեզի: Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ Աստուած ըլլայ ձեզի միշտ հովանի՝ պարգեւելով քաջառողջ, երկար, արդիւնաշատ եւ արեւշատ տարիներ:
«Յարգելի տնօրէնուհիներ եւ ուսուցչական կազմ,
Շարունակեցէք ըլլալ միշտ պատնէշի վրայ՝ սատար հանդիսանալով հայակերտումի մեր անյետաձգելի աշխատանքներուն: Ազգը եւ հայրենիքը ձեր երկնատուր տաղանդներուն կարիքը շատ ունին այսօր: Կը մաղթեմ շարունակական վերելք ձեր ազգային բեղուն գործունէութիւններուն մեծանպաստ ծառայութեան մէջ:
«Յաւե՛րժ ապրի հայ դպրոցը.
Կեցցէ՛ ազատ-անկախ մեր հայրենիքը:
Շնորհակալութիւն»: